Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2009 - Լեհաստանի դեսպանը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ

Լիբանան

 

Չորեքշաբթի  24 Յունիսին կէսօրուան ժամը 12.30ին Լիբանանի մօտ Լեհաստանի դեսպանը՝ Թոմաս Նիեկոծիչ  այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, ուր Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց զինք ներքին դահլիճին մէջ: Բարեկամական մթնոլորտի մէջ կատարուած այս հանդիպումին ընթացքին Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը յիշեց հայ Եկեղեցւոյ զանազան հանգրուանները Լեհաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեց լեհահայ պատմաբան հայր Գրիգոր Փեդրովիչը, որ մասնագէտ էր լեհահայոց պատմութեան:Դեսպանը իր կողմէն խոստացաւ ծրագիրներ մշակել Պատրիարքութեան հետ:

Հանդիպումին ներկայ էին տիկին Մունա Նաամէ եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Հանդիպումին աւարտին Հոգեւոր Տէրը դեսպանին նուիրեց Նազլեան եպիսկոպոսին յուշերը, իսկ դեսպանը Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Լեհաստանի մասին պատկերազարդ  գիրք մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ