Իտալիա
Ընդառաջելով Թարանթոյի Արքեպիսկոպոս Պէնինիօ Լուիճի Բաբայի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Ուրբաթ՝ 6 Մարտ 2009-ին ժամանեցին Իտալիոյ Փուլիա մարզը, ուր Ամեն. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Թարանթոյի Հայոց հնագոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան նուիրուած եկեղեցին, որ կը գտնուի քաղաքի պատմական կեդրոնը, Մոնթէօլիվէթոյի սրբավայրի դիմաց: Հիւր պատուիրակութիւնը Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերակկցէին հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան՝ տեսուչ Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի, տէր Միշէլ սարկաւագ Ճէնճի՝ տնօրէն Րատիօ Վատիկանի հայերէն բաժնի եւ Ռոպէր Ադդարեան՝ պատասխանատու Մալոյեան մշակութային նորաբաց կեդրոնին:
|
Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ, պատուիրակութիւմը երեկոյեան Մարթինա Ֆրանքայի հրապարակէն ուղղուեցաւ Սան Մարթինոյի նուիրուած տաճարը, ուր ընդունուեցաւ պազիլիքայի տեսուչ՝ գերպ. Ֆրանքօ Սէմերարոյի կողմէ: Այնտեղ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նախագահեց երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ յետ իր հոգեշահ քարոզին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եկեղեցւոյ համար, աշխարհի խաղաղութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար: Այս առիթով, այնտեղ հաւաքուած ներկաներուն խօսք ուղղեց Մարթինա Ֆրանքայի քաղաքապետ՝ Ֆրանքօ Բալացցօն: Մարթինայի Ֆրանքայի «Lions» ակումբին մէջ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան տեղւոյն «Սուրբ Անդրէասի Հայերը» ընկերակցութեան նախագահ՝ Եդուարդ Թադէւոսեանի եւ սոյն ակումբի նախագահ՝ Տինօ Մարանկիի հետ: