Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2008 - Ուխտագնացութիւն Դէպի Ս. Մեսրոպի Արձանը

 

Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի՝ 27 Յունուար 2008ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մատուցեց Ս. Պատարագ որմէ ետք հաւատացեալները Հայր Վարդանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Մեսրոպեան վարժարան՝ ուր զետեղուած է Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողը:
Ուխտաւորները տէրունական աղօթքով սկսան իրենց ուխտագնացութիւնը արձանին շուրջ, ապա Հայր Վարդան ընթերցեց Արեւագալի ժամերգութենէն աղօթք մը եւ խօսք առնելով ըսաւ թէ հայ լեզուն հայ ժողովուրդի դաստիարակութեան կարեւորագոյն հիմքն է եւ յարգանք մատուցելը հայ դպրութեան հօր՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի պէտք է դառնայ աւանդութիւն: Ան ըսաւ «Այս ուխտագնացութիւնը կը կատարենք Ս. Սահակ Պարթեւի տօնին յաջորդող կիրակիին երբ համայն հայութիւնը կը յիշէ նաեւ մէկ տարի առաջ ‏‏‛խօսքին նահատակ’ լրագիր՝ Հրանդ Տինքը: 
Ուխտագնացութեան աւարտին Հայ Կաթողիկէ «Կիլիկիա» երգչախումբը կատարեց «Կիլիկիա» երգը որուն ընթացքին իւրաքանչիւր միութեան ներկայացուցիչները յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեփունջեր:

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ