Sermons Sermons
Կիրակի, 16 Ապրիլ 2006 - Զատկուայ Հայրապետական Պատգամ

«Ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ
Յիսուսի հետ եւ մեզ պիտի բազմեցնէ ձեզի հետ Յիսուսի դիմաց»
(Բ. Կրնթ. դ.14)

Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Յարեաւ ի մեռելոց երրորդ օրը ինչպէս ըսաւ: Յիսուս գերեզմանէն դուրս ելաւ յաղթական, մեզի շնորհելու համար սրտի ուրախութիւնը եւ կեանքի խաղաղութիւնը: Մենք, որ ցաւեր կը կրենք, Քրիստոսի Յարութեամբ կը գտնենք քաջութիւնը դիմադրելու ամէն տեսակ նեղութիւններու դէմ եւ մեր հաւատքը վկայելու: Այս է քրիստոնէութիւնը: Աստուած մարդացաւ. մարմնացեալ Յիսուս մեռաւ, բայց յարութիւն առաւ եւ մեր մէջ կը բնակի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» կ’երգենք Սուրբ Պատարագի ընթացքին, յիշելու համար որ Քրիստոս մեզի մօտ է, մեզ առանձին չի ձգեր եւ մեզի օգնութեան կը հասնի ամէն անգամ որ դիմենք իրեն :
Եթէ այս է քրիստոնէութիւնը, եթէ ասոնք են Քրիստոսի Յարութեան բարեբեր արդիւնքները, այսպիսի ճշմարտութիւն մը կարելի չէ ծածկել եւ կարելի չէ մեզի համար վերապահել, կարծես անձնական առանձնաշնորհում մ’ըլլար: Ուստի պէտք է զայն աւետել բոլորին, որպէսզի երջանկութիւնը եւ խաղաղութիւնը տարածուին մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մօտ, բոլորին քով: Այս աւետիսը փոխանցելու համար, Աստուած նշանակեց քրիստոնեայ ժողովուրդը, ամէն քրիստոնեայ անհատ, ձեզմէ ամէն մէկը Սուրբ Յարութեան առաքեալ ըլլալու համար:
Սիրելիներս, եթէ այս առաքելութիւնը դժուար թուի ձեզի, յիշեցէք Յիսուսին խօսքը. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մտթ. 28,20): Ստոյգ ըլլալով Քրիստոսի ներկայութենէն եւ անոր օգնութենէն, պիտի չվախնաք դժուարութիւններէն եւ պիտի չմտահոգուիք որեւէ խոչնդոտի առջեւ: Յիսուսին խօսքը պիտի լուսաւորէ ձեր միտքը եւ ուղղէ ձեր գայլերը, Անոր Սուրբ Մարմինն ու Սուրբ Արիւնը պիտի ըլլան ձեր սնունդը ու ձեր նեցուկը ամէն ժամանակ: Ձեզի հետ պիտի գտնէք նաեւ ձեր երկնային մայրը, Աստուածամայրը, ինչպէս Ան ներկայ էր Առաքեալներուն հետ, որոնք սայթաքած եւ վախէն պահուըտած էին:
Բայց, կարենալ հաղորդելու համար այս ուրախալի աւետիսը, պարտիք ունենալ յատուկ մօտեցում եւ ջերմ յարաբերութիւն Յարուցեալ Քրիստոսին հետ, որպէսզի նախ եւ առաջ դուք վերանորոգէք ձեր հաւատքը Անոր աստուածային սիրով: Այն ժամանակ՝ ձեր երկչոտութիւնը ու վերապահութիւնը պիտի փարատին եւ նոր եռանդ մը պիտի ստանաք դառնալու համար Աւետարանի առաքեալներ՝ մանաւանդ ձեր անձնական կեանքի վկայութեամբ:
Այս եռանդով տոգորուած է որ Ս. րիգոր Լուսաւորիչը չվախցաւ չարչարանքներէն եւ իր հաւատքը արիաբար արտայայտեց ու ամբողջ ժողովուրդ մը, Հայ ժողովուրդը, դարձի բերաւ միոյն Աստուծոյ: Այս եռանդով տոգորուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց չվարանեցաւ երկար ու անապահով ճամբորդութիւններ կատարել եւ գիշերներ հսկել ու աղօթել Այբուբենը հնարելու եւ հայատառ գիրերով հրամցնելու Հայ ժողովուրդին Աստուծոյ խօսքը: Եւ ահ՛ա այս տարի համայն հայութիւնը փառապանծ շուքով կր տօնէ իրերու իւտին 1600ամեակը: Քրիստոսի Յարութեան եռանդով է որ իրենց կեանքով ու արիւնով վկայեցին մեր բիւրաւոր նահատակները դարերու ընթացքին, եւ սրբալոյս Աւետարանը քարոզեցին մեր անթիւ հայրապետներն ու սուրբերը: Նոյն եռանդէն մղուած է որ 91 տարի առաջ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը քաջաբար իրենց հաւատքը հռչակեցին եւ Քրիստոսին համար իրենց սրբանուէր արիւնը ընծայելով յարութիւն առին Քրիստոսին հետ երկնքի արքայութեան մէջ: Այս հայու ժառանգած հաւատքին մասին խօսեցան եւ վկայեց Նորին Սրբութիւն, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ 20 Մարտին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան,  երբ ըսաւ. «Հայերը... կը շարունակեն այսօր եւս հաւատարմութեամբ իրենց վկայութիւնը բերել Սուրբ Աւետարանին»:
Եթէ մարդու սրտէն  խլենք իր հաւատքը , այս մարդը ձեւով մը հաշմանդամ կը դառնայ, քանի հաւատքը մարդուն անձին բաղկացուցիչ տարր մըն է: Նոյնպէս ալ եթէ պատմութենէն, մանաւանդ Հայոց պատմութենէն, վերցնենք քրիստոնեայ հաւատքը, ձեւով մը գլխատած կ’ըլլանք պատմութիւնը: Արդարեւ, Քրիստոս հիմնեց Եկեղեցին եւ անոր անդամներուն եւ քրիստոնեայ հասարակութեան յանձնեց պաշտօնը ըլլալու ընկերութեան եւ պատմութեան լոյսը, աղը եւ խմորը: Ուստի, ամէն քրիստոնեայ պէտք է ջանայ իր հաւատքի վկայութեամբ, իր խօսքով եւ գործով ընկերութիւնը ուղղել դէպի Քրիստոս:
Մարդիկ ամէն տեղ կը փնտռեն կեանքի խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն: Բայց ի զուր. որովհետեւ չեն կրնար անոնց ձեռք ձգել առանց Քրիստոսի, Ան որ հաշտեցուց մեզ, մեղաւորներս, Աստուծոյ հետ: Լիբանանցիները եւս կը փնտռեն առօրեայ հանդարտութիւն ու ապագայի երաշխաւորութիւն: Կարել՞ի է միթէ զանոնք ապահովել երեսուն տարուայ խռովութիւններէն եւ ելեւէջներէն ետք: Այ՛ո, կարելի է. բայց  միայն Յիսուսի  հոգիով, այսինքն ճշմարտախօսութեամբ եւ ներողամտութեամբ: Քրիստոս մեռաւ բայց Յարութիւն առաւ, եւ այսօր կը տօնենք Անոր Յարութեան պատմական դէպքը: Լիբանանի մէջ փոխադարձ վստահութիւնը մեռաւ, բայց կարելի է զայն յարուցանել սիրոյ եւ ներումի սկզբունքներով: Համերաշխութեան հոգիով եւ լուրջ աշխատանքով, լիբանանցի ժողովուրդը, ներառեալ լիբանանահայերը, կրնան վերականգնել այս չքնաղ երկիրը եւ կրկին կառուցանել ընկերային եւ տնտեսական լաւագոյն պայմանները, որոնք պիտի նպաստեն գեղեցիկ  ու հիւրընկալ Լիբանան մը մէջտեղ բերելու, ուր պիտի ծաղկին բազմաթիւ ծրագիրներ ու հարստութիւններ եւ լիբանանեան զանազանեալ մշակոյթներ: Այն ժամանակ, Լիբանանը պիտի դառնայ, ըստ Աստուծոյ Ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքին՝ շրջանի ժողովուրդներուն լոյսը եւ խաղաղութեան նշանը:
Աստուածամայրը, Լիբանանի մայրը , մեզի պիտի օգնէ այս դժուար հանգրուանին մէջ իր հաւատքով, եւ մեզ պիտի ուղղէ մթքնած մթնոլորտէն անդին դէպի պայծառ Յարութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, մեր մշտատեւ եւ անվերապահ յոյսը: Ամէն:
 
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց- Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի

     
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ