Պոլիս, Թուրքիա
Անատոլը Ս. Պօղոսի առաջին առաքելավայրը ըլլալով, «Պօղոս Առաքեալի տարի»ին բացման հանդինսութիւնները կատարուեցան 21էն 22 Յունիս
2008ին, Տարսոն քաղաքի Ս.Պօղոս թանգարան եկեղեցւոյ մէջ, միջեկեղեցական արարողութեամբ եւ Ս.Պատարագով:
Հանդիսութիւններուն ներկայ եղան Մերսինի կուսակալը եւ Տարսոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարները, Վատիկանի պատուրակութիւնը, Յոյներու եւ Հայոց պատրիարքական աթոռներու նեկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ասորի եւ Մարոնիթ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Վատիկանի հովանաւորութեամբ եւ Անատոլի լատին առաջնորդ Լուիճի Եպս. Բատովէզէյի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հանդիսութիւններուն, իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Տարսոնի քաղաքապետարանը:
Նոյն ծիրէն ներս, Հռոմի Ս.Պօղոս Առաքեալի Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակի տօնակատարութիւնը Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին հովանաւորութեամբ եւ բաց հռչակուեացաւ «Պօղոս Առաքեալի Տարի»ին հանդիսութիւնները: Այս առիթով, Կիրակի 29 Յունիս 2008ին, Պօլսոյ Պույուքտերէյի Ս. Պօղոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Արհի. Գէորգ Արք.Խազումեան հանդիսաւոր Ս.Պատարգ մատուցեց եւ փոխանցեց օրուան պատգամը հաւատացեալ ժողովուրդին:
Յաւարտ Ս. Պատարագին ժողովուրդը մասնակցեցաւ սիրոյ սեղանին որ պատրաստած էին տեղւոյն թաղական խորհուրդի հոգաբարձուները: