Ծզալթբիլա - 31.7.2008 – 120 ամեակը
Ծինաբանի Եկ. 100 ամեակը
Արհի. Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի Առաջնորդութեան,
Գերապայծառ Տէր Ռափայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեան, Պատրիարքական Եքսարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքսարքութեան,
Գերապատիւ Հայր...
Սիրեցեալ զաւակներ ի քրիստոս,
Սրտի հայրական ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ բոլորդ:
Այսօր՝ Աստուծոյ շնորհքով ձեր մէջ կը գտնուիմ ընդառաջելով ձեր ժրաջան Առաջնորդին եւ ինծի շատ սիրելի Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեանի, որ յատուկ կերպով ինծի հրաւէր ուղղեց ձեզի այցելելու համար եւ իրազեկ դառնալու ձեր հոգեւոր, եկեղեցական եւ հովուական վիճակին կեանքին:
Սովետական վարչաձեւի ժամանակ, դուք զրկուած էիք հոգեւոր մխիթարութիւններէ եւ սրբազան խորհուրդներէ: Այսուհանդերձ, Աստուծոյ շնորհքը անպակաս եղաւ ձեր վրայէն եւ կարողացաք դիմագրաւել ծանր պայմաններ ձեր հաստատուն հաւատքով եւ ձեր հաւատարմութեամբ Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Ապօրէն եւ անաստուած վարչակարգը անցեալի կը պատկանի այլեւս, որովհետեւ Աստուած միայն յաւիտենական է: Ինչ որ սխալ օր մը կը կործանի: Այսպէս եղաւ համայնավար վարչաձեւին:
Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ տեսնել, ձեզի այցելել, ձեզ լսել, ձեզի հետ աղօթել եւ ձեր բարի դիտաւորութիւններուն համար այս Սուրբ Պատարագը մատուցանել:
Այս տարի կը զուգադիպի նաեւ ձեր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակի տարեդարձը: Այս տարեդարձը կը փաստէ թէ հինուց ի վեր հոս կայ հաստատուած հայ կաթողիկէ համայնք, պահեցին հաւատքը եւ դուք իրենց ժառանգներն էք:
Եկեղեցին՝ քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի եկեղեցւոյ, հաւատքը պահել... որ է բազմութիւնը հաւատացեալներու, որոնք միատեղ կու գան աղօթելու ու իրենց հաւատքին համոզումը արտայայտելու՝ առանձնաբար կամ հաւաքաբար գլխաւորութեամբ առաջնորդին կամ ժողովրդապետին:
Սուրբ Պետրոս Առաքեալը իր առաջին թուղթին մէջ կը խրախուսէ նորադարձ քրիստոնեաները սա խօսքերով. «Մօտեցէք անոր - այսինքն Յիսուս քրիստոսի - որ վէմն է կենդանի... դուք ալ իբրեւ կենդանի վէմեր կը կառուցուիք իբրեւ տաճար հոգեւոր, ... որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի ընծայէք Աստուծոյ հաճելի եւ հոգեւոր զոհեր» (Բ. 4-5):
Այո՛, սիրելիներս, կենդանի եկեղեցին դուք էք: Ու երբ կը տօնենք այս տարի քարաշէն եկեղեցիներու կառուցման յոբելեանը, ձեր հասարակութիւնները կը տօնենք, ձեզ կը տօնենք: Այս տօնը իրաւամբ Վրաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին եւ ամէն մէկ հաւատացեալին տօնն է:
Ամէն եկեղեցի է ու կը մնայ իր զաւակներուն համար միասնականութեան տունը եւ դպրոցը: Այս միութիւնը կրնայ իրականանալ միմիայն, երբ չափահաս քրիստոնեաները իրար զիրար սիրեն եւ իրարու հետ համագործակցին, մանաւանդ զանազան Յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անդամները:
Այս երկար տարիներու ընթացքին աստուածընտրեալ հովիւներ ունեցաք, որոնք անսպառ նուիրումով եւ իմաստուն առաջնորդութեամբ ձեր հոգատարութիւնը յանձն առին ամրապնդելով ձեզ քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ արծարծելով ձեր մէջ տոհմային ոգին: Անոնք ստանձնեցին ձեր հոգ հոգւոցը՝ երբեմն մեծ զոհողութիւններով: Անոնք եղան մատակարարներ Սուրբ Խորհուրդներու, բայց մանաւանդ՝ բաշխողներ աստուածային գթութեան եւ սիրոյ:
Այս Սուրբ տաճարներուն մէջ, հարիւրաւոր երախաներ Աստուծոյ որդիներ դարձան՝ մկրտութեամբ Սուրբ Աւազանին մէջ, նոյնքան զոյգերու պսակները օրհնուեցան եւ մանուկներ առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունեցան: Քանիներ ապաշխարութեան Ս. խորհուրդով վերագտան իրենց սրտի խաղաղութիւնը: Քանի եւ քանի մահամերձներ ստացան հիւանդներու օծումը եւ սփոփած սրտով՝ պատրաստուեցան մեծ անցքին եւ հանդիպումին՝ Աստուծոյ հայրական գութին եւ հոգիներու դատաւորին հետ: Նոյնիսկ եթէ անոնց թիւը կրնանք համրել, սակայն կարելի չէ հաշուել բազմաթիւ եւ անհամար այն շնորհքները, որ Յիսուս պարգեւեց ամէն մէկ խոնարհ հաւատաւորին որ իրեն դիմեց: Անոնց թիւը անյայտ է մեզի համար, բայց ամէն ինչ գրուած է յաւիտենական դպրութեան գիրքին մէջ:
Սիրելիներս, որքան երախտապարտ պէտք է ըլլաք ձեր հովիւներուն հանդէպ եւ աղօթէք իրենց համար, որպէսզի ուրախութեամբ եւ անձնուրաց հոգիով շարունակեն իրենց նուիրումի հովուական պաշտօնը: Շատ կարեւոր է նաեւ աղօթել քահանայական կոչումներուն համար՝ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն, մանաւանդ ձեր վիճաին համար:
Կը մատուցանեմ այս Սուրբ Պատարագը ձեր բոլոր բարի եւ աստուածահաճոյ դիտաւորութիւններուն համար. Ամէն:
Հեշտիա - 29.7.2008
Արհի. Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի Առաջնորդութեան,
Գերապատիւ վարդապետ Հայրեր
Յարգոյապատիւ Սարկաւագ
Առաքինազարդ քոյրեր
եւ Սիրեցեալ զաւակներ ի քրիստոս,
Սրտի հայրական ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ բոլորդ:
Այսօր՝ Աստուծոյ շնորհքով ձեր մէջ կը գտնուիմ ընդառաջելով ձեր ժրաջան Առաջնորդին եւ ինծի շատ սիրելի Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեանի, որ յատուկ կերպով ինծի հրաւէր ուղղեց՝ ձեզի այցելելու համար եւ իրազեկ դառնալու ձեր հոգեւոր, եկեղեցական եւ հովուական վիճակին:
Սովետական վարչաձեւի ժամանակ, դուք գրեթէ զրկուած էիք հոգեւոր մխիթարութիւններէ եւ սրբազան խորհուրդներէ: Այսուհանդերձ, Աստուծոյ շնորհքը անպակաս եղաւ ձեր վրայէն եւ կարողացաք դիմագրաւել ծանր պայմաններ ձեր հաստատուն հաւատքով եւ ձեր հաւատարմութեամբ Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Ապօրէն եւ անաստուած վարչակարգը անցեալի կը պատկանի այլեւս, որովհետեւ միայն Աստուած յաւիտենական է: Ինչ որ սխալ է՝ օր մը կը կործանի: Այսպէս եղաւ համայնավար վարչաձեւին:
Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ տեսնել, ձեզի այցելել, ձեզ լսել, ձեզի հետ աղօթել եւ ձեր բարի դիտաւորութիւններուն համար այս Սուրբ Պատարա•ը մատուցանել:
Ընթերցուած՝
Ս. Պօղոս հաւատաւորներուն զարմանալի խնդրանք մը կ’ընէ.
Կ’աղաչէ իրենց որ աղօթեն իրեն համար, մասնակից դառնալու իր առաքելութեան, որ կը նմանցնէ պատերազմի: Կ’ըսէ. «պատերազմակից եղէք ինծի հետ ձեր աղօթքներուն մէջ»:
Հաւատաւորները սովորաբար քահանայէն աղօթք կը խնդրեն: Հաւատաւորները չեն մտածեր որ քահանան ամէն օր կը պատերազմի սատանային դէմ, չարիքին դէմ, իր անձնական փորձութիւններուն դէմ: Ինքն ալ իր հաւատաւորներուն աղօթքի կը կարօտի: Զարմանալի կը թուի, բայց եւ այնպէս այս է իրականութիւնը: Ամէնքս իրարու պէտք ունինք: Ասոր համար ձեզի կ’ըսեմ. «Աղօթեցէ՛ք ձեր առաջնորդներուն եւ հովիւներուն համար, որպէսզի լաւագոյնս կատարեն իրենցմէ պահանջուած հոգ հոգւոցը, ձեր ծառայութիւնը, որպէսզի զգան որ նեցուկ ունին իրենց հաւատաւորներուն մօտ, որ անոնք իրենց հետ մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ, եւ անոր շինութեան եւ միութեան համար կ’աշխատին:
Այն ժամանակ, կ’ըսէ Ս. Պօղոս, ուրախութեամբ պիտի գամ ձեզի: Այն ժամանակ, ձեր հովիւներուն բեռը պիտի թեթեւցնէք եւ անոնք ուրախութեամբ եւ աւելի լաւ պիտի հոգան իրենց հօտը, այսինքն ձեզ, հօտը որ իրենց յանձնուած է Եկեղեցւոյ կողմէ, Աստուծոյ կողմէ: Այս ձեւով ալ սրտի հանգստութիւն պիտի վայելեն եւ դուք իրենց առաքելութեան եւ վաստակին մասնակից պիտի ըլլաք եւ Աստուծոյ հաճելի պիտի դառնաք:
Ս. Աւետարանը մեզի հետեւեալ խորհուրդներ կու տայ
ա. Չվախնանք, նոյնիսկ եթէ թիւով քիչ ըլլաք, կամ թէ շատեր ձեզի պէս համոզուած չեն Ս. Աւետարանին: «Մի վախնաք, կ’ըսէ Յիսուս, որովհետեւ ձեր Հայրը, այսինքն Աստուած, որոշած է ձեզի տալ արքայութիւնը», Որքան որ դուք Աստուած իբր ձեր Հայր նկատէք, եւ անոր հնազանդիք որպէս հարազատ զաւակներ: Որքան որ ձեր Հօրը կամքը փնտռէք եւ զայն ամէն օր կատարէք, եւ զայն նախընտրէք ձեր կամքին, Աստուած ձեզ իր քովը պիտի ընդունի յաւիտենական երջանկութեան մէջ, Յիսուսին մօտ, շրջապատուած Աստուածածինով եւ սուրբերով, այսինքն Աստուած ձեզ պիտի ընդունի երկինքին մէջ:
բ. Եթէ դուք նկատէք երկինքը որպէս անկորնչելի գարձ, եւ զայն շահելու համար ամէն ինչ պատրաստ էք մէկթի դնելու՝ այսինքն մարդկային հաշիւները, բարեկամները, ինչպէս նաեւ ստախօսութիւնը եւ բոլոր միւս մեղքերը, որոնք սատանան ձեզի կը ներկայացնէ ամէն օր, պիտի ժառանգէք երկինքը:
Եթէ գանձ մը ունիք՝ ինչպէս գործ մը, վաճառականութիւն մը կամ բարեկամ մը, անոր մասին յաճախ կը մտածէք, թէ ինչպէս այս գանձը շահիք ու բնաւ չկորսնցնէք: Ձեր միտքը ատով զբաղած պիտի ըլլայ շարունակ, որովհետեւ համոզուած էք որ ան է ձեր երջանկութեան եւ ձեր բարիքին աղբիւրն է:
Յիսուս ըսաւ. «Ուր ձեր գանձն է, հոն պիտի ըլլայ ձեր սիրտը» այսինքն ձեր միտքը, ձեր գլխաւոր զբաղումը: Հաւատաւորին համար, գանձը Աստուծոյ սէրն է: Հոն պարտի ըլլալ նաեւ ձեր սիրտը, այսինքն փնտռել Աստուծոյ հաճելի դառնալ:
գ. Միշտ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ վերադարձին:
Կոչումներուն հարցը:
Փակումը
Տուրցխ – 29.7.2008
Արհի. Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի Առաջնորդութեան,
Գերապայծառ Տէր Ռափայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեան, Պատրիարքական Եքսարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքսարքութեան,
Գերապատիւ Հայր...
Սիրեցեալ զաւակներ ի քրիստոս,
Սրտի հայրական ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ բոլորդ:
Այսօր՝ Աստուծոյ շնորհքով ձեր մէջ կը •տնուիմ ընդառաջելով ձեր ժրաջան Առաջնորդին եւ ինծի շատ սիրելի Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեանի, որ յատուկ կերպով ինծի հրաւէր ուղղեց ձեզի այցելելու համար եւ իրազեկ դառնալու ձեր հո•եւոր, եկեղեցական եւ հովուական վիճակին կեանքին:
Սովետական վարչաձեւի ժամանակ, դուք զրկուած էիք հո•եւոր մխիթարութիւններէ եւ սրբազան խորհուրդներէ: Այսուհանդերձ, Աստուծոյ շնորհքը անպակաս եղաւ ձեր վրայէն եւ կարողացաք դիմա•րաւել ծանր պայմաններ ձեր հաստատուն հաւատքով եւ ձեր հաւատարմութեամբ Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Ապօրէն եւ անաստուած վարչակար•ը անցեալի կը պատկանի այլեւս, որովհետեւ Աստուած միայն յաւիտենական է: Ինչ որ սխալ օր մը կը կործանի: Այսպէս եղաւ համայնավար վարչաձեւին:
Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ տեսնել, ձեզի այցելել, ձեզ լսել, ձեզի հետ աղօթել եւ ձեր բարի դիտաւորութիւններուն համար այս Սուրբ Պատարագը մատուցանել:
Ընթերցուած՝
Մենք Յիսուս միշտ կը նկատենք որպէս Աստուած՝ ամենակարող է, հրաշք կը գործէ, ջուրերու վրայ կը քալէ, եւ կը մոռնանք որ Յիսուս մեզի պէս մարդ էր ամէն բանի մէջ, բացի մեղքէ: Եւ որովհետեւ մեզի նման մարդ էր, կարող եղաւ մեզ փրկել սատանայէն, որ մեզ վախի մէջ միշտ կը պահէ, որպէսզի իր կամքը կատարենք:
Մէկը որ հիւանդ չէ եղած չի կրնար հասկնալ հիւանդ մարդը: Նոյնպէս, ան որ չարչարանք չէ կրած չի կրնար հասկնալ չարչարուած մարդը եւ անոր օգնութեան հասնիլ: Բայց Յիսուս՝ իբր մարդ, չարչարուեցաւ, անոր համար շատ լաւ կ’ըմբռնէ չարչարուած մարդոց վիճակը, տառապեալներուն ցաւը, անձկութեան մէջ եղողները, առանձին լքուածները եւ մահամերձները: Կը բաւէ որ հաւատքով իրմէ օգնութիւն խնդրենք, անմիջապէս օգնութեան կը հասնի:
Օր մը մարդ մը կը տառապէր եւ օրերով չէր կրնար քնանալ: Շուարած մնաց եւ չէր գիտեր ինչ ընել: Վերջ ի վերջոյ աղօթեց եւ Յիսուսէն խնդրեց որ իր ցաւը վերցնէ իրմէ: Յիսուս լսեց անոր աղօթքը եւ անմիջապէս իրմէ ցաւը վերցուց: Տառապեալ եղած մարդը՝ փոխանակ Յիսուսին շնորհակալութիւն յայտնելու, անոր գանգատեցաւ ըսելով. «Քանի կրնայիր ցաւս վերցնել, ինչ՞ու համար այսքան օրեր զիս տառապանքին մէջ ձգեցիր»: Յիսուս անոր պատասխանեց. «Հազիւ խնդրեցիր անմիջապէս օգնութեամբ հասայ, ինչո՞ւ ասկէ առաջ չի խնդրեցիր »: Արդարեւ, Յիսուս ապսպրեց մեզի եւ ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի»:
Անշուշտ, խնդրելու համար խոնարհութիւն պէտք է, հաւատք պէտք է, յարատեւ աղօթք պէտք է: Մինչ շատեր կը կարծեն թէ առանձին պիտի կարենան մէջէն ելլել: Հոս է մահացու հպարտութիւնը, որ Աստուծոյ քով պիղծ է: Ս. Գիրքը բազմաթիւ անգամներ կը կրկնէ հետեւեալ խօսքը. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ է, շնորհքը կու տայ խոնարհներուն»:
Ս. Աւետարանին մէջ իմացանք Քրիստոսին խոնարհութիւնը: Ինք որ Աստուած էր, չվարանեցաւ մատնուիլ չար մարդոց ձեռքը, որ զինք նախատեցին, ապտակեցին, վրան թքեցին եւ տեսակ տեսակ չարչարանքներ իջեցուցին իրեն: Յիսուս չդիմադրեց, չկռուեցաւ, մէկու մը չզարկաւ եւ մէկու մը չհայհոյեց: Յիսուս իրեն յանձնուած պաշտօնը եւ առաքելութիւնը լռութեամբ կատարեց եւ յաջողեցաւ փաստել, թէ սէրը չարէն աւելի զօրաւոր է, ներումը փոխվրէժէն աւելի արդիւնաւոր է: Յիսուս մեռաւ խաչին վրայ, այո՛, բայց երեք օր ետք յարութիւն առաւ եւ երկնքի դռները բացաւ մեզի համար: Մեզի սորվեցուց որ Աստուած մեր Հայրն է եւ մենք իրարու հետ եղբայր ենք: Մեզի ոյժը տուաւ ներելու եւ ամէն մարդ սիրելու: Բոլոր սուրբերը փաստեցին այս ճշմարտութիւնը իրենց կեանքի վկայութեամբ եւ մեզի համար բարի օրինակ դարձան եւ բարեխօս:
Ուստի ով որ խոնարհ եւ փոքր պիտի ըլլայ մարդոց մէջ, ան մեծ պիտի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ: Իսկ ով որ կ’ուզէ մեծ երեւնալ մարդոց առջեւ եւ անոնց հաճելի դառնալ, պիղծ պիտի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ:
Փակման խօսք: