Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2008 - Հռիփսիմեանց Երկրորդական Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Հանդէս

Լիբանան

Հռիփսիմանց երկրորդական վարժարանի 2007-2008 կրթական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 Մայիս 2008-ին՝ երեկոյեան ժամը 7:30ին, վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ:

Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Վարդան եպս. Աշգարեան, Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան՝ մեծաւոր Զմմառեան միաբանութեան, նախկին նախարար ու պետական երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեան, Ժըտէյտէի քաղաքապետ Քամալ Ղսուպ, Գերապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Լիբանանեան եւ Հայաստանի քայլերգներուն յաջորդեց շրջանաւարտներու անունով ողջոյնի խօսքը՝ գնահատականը իրենց կրթական գիտութեան լիցքաւորման եւ հրաժեշտի յուզումնալից ապրումին:

Յայտագիրի տեւողութեան, հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն լեզուներով, աշակերտ-աշակերտուհիները հանդէս եկան ուղերձներով: Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ գեղարուեստական բաժին՝ նուագ, խմբերգներ, պար, ասմունք:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ յատուկ կերպով շեշտը դրաւ ներկայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան վրայ, զանազան մարտահրաւէրներու դիմաց ուսման վահանով դիմագրաւելու այլազան դժուարութիւնները: Գնահատեց աշակերտ-աշակերտուհիները՝ մաղթելով, որ Հռիփսիմեանցի ոգին ամէնուրեք անմար պահեն իրենց հոգիներուն մէջ եւ թարգմանը դառնան իրենց ստացած դաստիարակութեան: Շնորհաւորեց ծնողները, որոնք անվերապահ զոհողութեամբ յաջողած էին իրենց թանկագին զաւակները հասցնել այս առաջին հանգրուանին, կոչ ուղղեց նաեւ ազգանուէր հայորդիներուն՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ ու աջակից ըլլալու հայ դպրոցին: Շեշտեց կարեւորութիւնը ուսուցիչներուն դերին, որոնք իրենց կոչումին գիտակցութեամբ ոչինչ կը խնայեն ու սիրով գիտութիւն կը ջամբեն նորահաս սերունդներուն:  Քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանը՝ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելու:

Հայր Մուրատեան իր կարգին շնորհաւորեց ծնողներն ու աշակերտները, ապա աւարտող ուսանողները յորդորեց, որ իրենց քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներէն մեկնելով՝ միշտ վառ պահեն հայու արժանիքները եւ մանաւանդ հպարտ զգան իրենց պատկանելիութեամբ ու գործեն այդպէս, ինչպէս լիբանանահայեր իրենք զիրենք ի սպաս դնեն Լիբանանի ծառայութեան ու բարգաւաճման:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ