Զմմառ, Լիբանան
Շաբաթ, 17 Ապրիլ 2010 առաւօտեան ժամը 11.00-ին Զմմառու Մայրավանք այցելեցին, Ամերիկայհայ յայտնի հրապարակագիր եւ հանրային գործիչ՝ Պրն. Յարութ Սասունեան, ուղեկցութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստի: Պրն. Սասունեան Լիբանան կը գտնուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի հրաւէրով, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարք մը բնախօսութիւններ կատարելու համար:
Պրն. Սասունեան հանդիպում ունեցաւ Մայրավանքի Մեծաւոր՝ Գերյ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի, Գեր. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանի եւ Գեր. Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի հետ, որու ընթացքին անոնք զրուցեցին զանազան նիւթերու շուրջ, յատկապես Հայոց Ձեղասպանութեան վերջին իրադարցութիւններու մասին:
Այցի աւարտին Պրն. Սասունեան այցելեց Մայրավանքիս Թանգարանը, Ձեռագրատունը եւ Գինեմառանը: