Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2013 - Անթուրայի 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակին հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ

Անթուրա, Լեռնալիբանան

Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, կիրակի, 5 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Անթուրայի Լազարիստ հայրերու «Սուրբ Յովսէփ»  եկեղեցիին մէջ, 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակին հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, զոր մատուցանեց գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, առընթերակայութեամբ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի: Ներկայ էին արհիապատիւ հայր Մաուէլ Եպս. Պադագեան եւ Պօղոս եպս. Ռուհանա՝ պատրիարքական փոխանորդ Սարպայի թեմին եւ այլ եկեղեցականներ:

Պաշտօնական անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին՝ Հ.Հ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Պրն. վարդան Ադամեան , Այնթուրայի քաղաքապետ Լապիպ Աքիքի, երեսփոխան զօրավար Միշէլ Աունի ներկայացուցիչը Պրն Րոժէ Ազաար, երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Ալ Խազէն, տոքթոր Եուսէֆ Խալիլ, պրն. Ապուտ եւ Ժօզէֆ Պօղոս, որ օրուան յատուկ երգին բառերը յօրինած էին՝ «ես եմ եփրատը» տիտղոսով:

Սուրբ պատարագի ընթացքին գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան վերյիշեց Այնթուրայի որբանոցին մէջ նահատակուած հայ մանուկները թուրք օսմանցիներու ձեռքով: Ան յայտնեց որ կը վերապրինք այս ազգային, ընկերային եւ կրօնական յիշատակը, բոլոր աշխարհին ցոյց տալու թէ մենք հայերս եւ լիբանանցիներս, չենք մոռնար ինչ որ մեր նախահայրերը ապրեցան, տառապեցան եւ զոհուեցան յանուն բարոյական, մարդկային, ազգային եւ կրօնական արժէքներու: Գերյարգելի Եղիայեան նշեց թէ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը կ'ոգեկոչէ այս կրօնական յիշատակը, նոյն ատեն վերյիշելու 1915-ի Մեծ Եղեռնը եւ Լիբանանեան նահատակաց յիշատակը 6 մայիսին:  

Պատարագի աւարտին հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու պատանեկան եւ սկաուտական խումբերը շխթայ կազմեցին առաջնորդելու համար մեծ թիւով ներկայ ժողովուրդը դէպի հայ մանուկներու աճիւնները եւ մեծ խաչքարը, որ Խաչատուրեան եղբայրները կառուցած էին ի յիշատակ նահատակներուն: Գերեզմաններուն վրայ կարմիր վարդ զետեղելէ ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան Ս. Յովսէփ դպրոցի մայր հրապարակին վրայ, ուր Մեսրոպեան վարժարանի (Աւասի) մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց յաւուր պատշաճի երգեր, որոնց կանխեց ՀԿՄ-ի շեփորախումբը իր քայլարշաւով եւ հոգեւոր երգերով:

Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը հոգաց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը ղեկաւարութեամբ Տոքթ. Ետուարդ Թորիքեանի, որոնք մեկնաբանեցին հայ նահատակներու նուիրուած 2 արաբերէն երգեր՝ «Դուպաուիոն մըն շարգինա» եւ «ես եբրատն եմ»:

Թող անմեղ հայ որբերուն յիշատակը ներկայ սերունդին հաւատարմութիւն ներշնչէ ազգին եւ Աստուծոյ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ