Պոլիս, Թուրքիա
|
Ս. Պօղոս եւ Պետրոս Առաքեալներուն տօնին առթիւ, Պոլսոյ Ս. Պօղոս եկեցեղւոյ մէջ, Կիրակի, 8 Յուլիս 2007ին, նախագահութեամբ Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի՝ մեծ հանդիսուեամբ յիշատակուեցաւ տօնը եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին՝ ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագի ձեռնադրոuթիւնը Եղբ. Գէորգ Հաւարեանի:
Այս առթիւ, Պէյրութէն ժամանած էր Զմմառու միաբանութենէն Գեր. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան՝ դեկնածուն առաջնորդին ներկայացնելու համար:
Օրուան պատարագը մատուցեց Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեանը որ կիսասարկաւագութեան պաշտօնը շնորհեց եղբ. Գէորգ Հաւարեանին: Ան իր պատգամին մէջ շեշտեց Պօղոս Առաքեալին դերը քրիստոնէութեան մէջ եւ կիսասարկաւագի պաշտօնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ապա իր խօսքը ուղղեց եղբ. Գէորգ Հաւարեանին եւ ըսաւ, «փափաքեցար ընգրկել այս կարգը, աշխատիլ եւ ծառայել եկեղեցւոյ մայրական ծոցին մէջ, մնացի՛ր հաւատարիմ:
Գիտակից ես եկեղեցւոյ պահանջքներուն, ուրեմն նուիրուէ՛ ամբողջութեամբ. պիտի մեկնիս Հռոմ քահանայական պատրաստութեան համար, ամբողջացուր եւ անխախտ պահէ Քրիստոսի վարդապետութիւնը. նախնեաց լուսապայծառ գաղափարներով քալէ՛ եւ բազմաթիւ ուրիշ գիտութիւններ ամբարէ՛ օգտակար դառնալու եկեղեցական զանազան մարզերուն մէջ»:
Արարողութենէն ետք հաւատացեալները շնորհաւորեցին կիսասրկաւագ եղբայրը ապա մասնակցեցան սիրոյ ագապին որ պատրաստած էր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը նախագահութեամբ Տիկին Օտէդ Օհանեանի: