Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2013 - Անուանում

Պէյրութ, 21 մարտ 2013

Դիւան թիւ 68/13

Գերյարգելի Հայր Գէորք Ծ.վ. Եղիայեան
Աւագ ժողովրդապետ Ս. Գրիքոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա ժողովրդապետութեան,

Այս գիրով քեզ կ'անուանենք 3 տարուայ համար, այսօրուայ թուականէն սկսեալ, Նախագահ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու Խորհուրդին, նկատի առած որ այս կարեւոր պաշտօնը թափուր մնացած է Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի  մեկնումով։
Մեր վարժարանները կը նկատուին որպէս երրորդ ազդակը մտային կազմաւորումին եւ հոգեւոր սկզբունքներու դաստիարակութեան՝ ընտանիքէն եւ ժողովրդապետութենէն ետք։ Ինչ որ մանուկը կամ երիտասարդը կը սորվի վարժարանէն ներս դրոշմուած կը մնայ անոր մտքին ու սրտին մէջ։
Կը բարձրացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի քեզի պարգեւէ աւետարանական իմաստութիւնը ուղիղ կերպով առաջնորդելու համար ապագայ հայրերն ու մայրերը, որոնք սիւները պիտի կազմեն մեր հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Աղօթող ենք որ Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի եւ մեր վարժարաններու տնօրէններուն, որպէսզի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին հարազատ շառաւիղներ դառնանք։
Հայրական օրհնութեամբ`

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ