Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի նոր առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Րափայէլ արք. Մինասեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի հայերէն բաժնին հետ։ Գերապայծառ տէրը նախ յայտնեց, որ Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու համար նոր եպիսկոպոսներու համար յատուկ կազմակերպուած ժողովին, 7-էն 16 սեպտեմբեր 2011։ Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իր նոր առաքելութեան մասին, յայտնելով որ, ան պիտի շարունակէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքի մէջ, որ միշտ եղած է զօրակցիլ ամէն մակարդակի վրայ հայ պետութեան ու ժողովուրդին Հայաստանի անկախութենէն մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ գործել ու առաջնորդել մեկնելով իր նոր առաքելութեան բնաբանէն՝ «սիրով ծառայել միութեան»։
Մինասեան արքեպիսկոպոսը պարզեց Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ տարածուն թեմին համայնապատկերը, հաստատելով որ նոյն ու հաւասար կերպով պէտք է նայիլ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն եւ առաքելավայրերուն, դիւրացնելով վարդապետներուն ու քահանաներուն գործը ժողովուրդին մէջ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի յարաբերութիւններուն քոյր Եկեղեցիներուն հետ, գերապայծառ տէրը ըսաւ թէ կը հաւատայ մէկ հայ Եկեղեցւոյ հակառակ տարբեր գունաւորումներուն, որոնք բոլորը կը պատկանին մէկ հոգւոյ դաւանանքի։ Հետեւաբար պէտք է միջին ճամբայ մը գտնել համընթաց իրարու հետ քալելու եւ ծառայելու համար հայ հաւատացեալ ժողովուրդին, եզրափակեց Մինասեան արքեպիսկոպոսը։