Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2009 - Արհի. Կուճերոդի Նուիրակը նախագահ Սարգսեանին մօտ
 

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ 28 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին: Պապական նուիրակը Սերժ Սարգսեանին փոխանցեց է Պենետիկտոս ԺԶ. պապին բարեմաղթութիւնները:

 

Նախագահ Սարգսեան, ողջունելով գերապայծառ Կուճերոթթին, նկատեց, որ գերապայծառը երկար տարիներ ըլլալով պապական նուիրակը Հայաստանի մէջ, իր փորձն ու գիտելիքները ներդրած է Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ու աշխուժացման աշխատանքին մէջ:

Ս. Սարգսեան բարձր գնահատելով Վատիկանի դերը ոչ միայն իբրեւ հոգեւոր կեդրոն, այլեւ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու ու բարոյական օրէնքներու պաշտպան, եւ աշխարհի մէջ հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան պահպանման ջատագով, միասին անդադարձած են Հայաստանի ու Վատիկանի փոխադարձ յարաբերութիւններուն մասին եւ արտայայտուած են անոնց հետագայ ընդլայնման օգուտին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ