Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2010 - Հ.Հ. Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Մեսրոպեանի մէջ


 

Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակի աշակերտներուն եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի հետ հանդիպումը։

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, որ Մեսրոպեանի մէջ աշակերտները Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով կը տոգորուին՝ խօսելով հայերէն ու պահպանելով հայութեան արժէքները։ Գալուստ յայտնեց, որ հայագիտական դասանիւթերու եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի մասնագիտացումը Սփիւռքի մէջ կարեւոր է, քանի որ օրէ-օր ակնյայտ կը դառնայ մարդուժի կարեւորութիւնն ու կարիքը։

Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան զեկուցեց խմբակի գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, որ նշեց, թէ ինք Մեսրոպեան վարժարանի մասին միշտ ալ լսած է դրական կարծիքներ, որոնք կը ներկայացնեն վարժարանի մէջ գոյութիւն ունեցող ազգային ոգին եւ բծախնդիր ու կազմակերպուած աշխատանքը։ Գալստեան շնորհաւորեց աշակերտութիւնը Հայաստանի Բ. հանրապետութեան վերանկախացաման առիթով։

Լիլիթ
Գալստեան ըսաւ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կարելի բոլոր միջոցներուն կը ձեռնարկեն՝ ապահովելու համար Սփիւռքին կենսունակութիւնը, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ մըն է։ Ան նշեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կարելիութիւնը կայ Արեւմտահայերէնով հայագիտական բարձրագոյն ուսում ստանալու, որ էապէս կը նպաստէ Սփիւռքի մէջ նոր ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ, խմբագիրներ ու ազգային գործիչներ պատրաստելու աշխատանքին։ Լիլիթ Գալստեան նշեց, թէ Սփիւռքագիտութեան ու Արեւմտահայերէնի ամիպոնին ստեղծման մէջ մեծապէս նպաստած է Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը։

Հանդիպումին աւարտին, Կրէկուար Գալուստ շեշտեց, թէ Հայաստանի անկախութեան տօնին օրը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ Հայաստանի պատգամաւորական ժողովի անդամներէն մէկուն հիւրընկալելը կարեւոր պատգամ փոխանցող հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է։ Զեկուցումէն ետք, աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց։ Խմբակին հետ հանդիպումին յաջորդեց տնօրէնութեան հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին Լիլիթ Գալստեան ծանօթացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան, գործունէութեան եւ ծրագիրներուն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ