Պէյրութ
Երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7-ին, Իտալիոյ Լատերանեան համալսարանի եկեղեցական կանոնագիտական կաճառի տնօրէն Տելգովոլօ եպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Սաժէս համալսարանի կանոնագիտական բաժնի տնօրէնին, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։
Հանդիպման ընթացքին, Լատերանեան համալսարանի կանոնագիտական կաճառի տնօրէնը ծանօթացաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու գործունէութեան, ապա յանձնեց տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի իրաւագիտութեան մասնագիտական վկայականը (licenza)։
Աւարտին, հիւրերը մասնակցեցան ընթրիքի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։