Զմմառ, Լիբանան
Շաբաթ՝ 18 Օգոստոս 2007ին, Զմմառու մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՄ Պատանեկանի Զալքակի եւ ԱշրաՖիէի մասնաճիւղերու միացեալ բանակումի եզրափակիչ արարողութիւնները, որու ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. փոխանցեց պատանիներուն հետեւեալ պատգամը
Յոյժ Սիրելի Աշրաֆիէի եւ Զալքայի պատանիներ եւ ծնողներ, եւ Հայաստանի պատուական ներկայացուցիչներ,
Այս Աւանդական խարոյկահանդէսը ամէն տարի մեզ կը համախմբէ շնորհիւ Հայ Կաթողիկէ Պատանեկան Միութեան: Հաճելի պահ մըն է, որուն նպատակը ընտանեկան մթնոլորտին մէջ անցնել այս երեկոյթը ձեզի հետ միասին, եւ իրազէկ ըլլալ մէկ շաբթուայ ձեր գործունէութիւններուն մասին, որ այս տարի միասնաբար կատարեցիք, ինչ որ գովելի է եւ կը յուսամ նոյնը ընենք յաջորդ տարիներուն:
Խօսքս պատասխանատուներուն եւ ծնողաց՝
Որքան կարեւոր է, բայց միանգամայն նոյնքան դժուար է այսօր, դաստիարակել պատանիները եւ զանոնք պահել եւ մեծցնել մաքուր միջավայրին մէջ, հեռու շրջապատող եւ այլասեռող վտանգներէ, եւ իրենց ջամբել միեւնոյն ատեն մարդկային, ազգային եւ քրիստոնէական սկզբունքները, որոնք յետագային իրենց մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան եւ զանոնք բնաւ պիտի չմոռնան: Բայց պատանիներու եւ երիտասարդներու կազմաւորումը կը պահանջէ, գիտակից ծնողներուն հետ, երէց եղբայրներու եւ քոյրերու կողմէն նուիրումը եւ կեանքի բարի օրինակը, ինչ որ կը յուսամ արդէն իսկ գոյութիւն ունի բարեբախտաբար:
Սիրելի պատանիներ, խօսքս ձեզի՝ Ձեզմէ ամէն մէկը կոչուած է ապագային որոշ պաշտօն մը ստանձնելու կամ գործունէութիւն մը կատարելու: Հայերուս համար, համայնքային գործունէութիւնը շատ ասպարէզներ ունի՝ ազգային, հոգեւոր, մշակութային, եւ կրթական կամ ալ լրատուողական մարզերն են: Եթէ մէկը ուզէ բժիշկ, ճարտարապետ կամ օդանաւորդ ըլլալ, 1-2 տարի բաւարար չէ՝ յատուկ եւ երկար պատրաստութիւն կը պահանջէ: Դու՛ք ալ՝ նախ եւ առաջ, պէտք է որոշէք ձեր ապագային համար ինչ ասպարէզին կ’ուզէք հետեւիլ, որպէսզի անոր համեմատ պէտք եղած պատրաստութիւնը տեսնէք եւ յաջողութիւն գտնէք: Անորոշ երիտասարդը եւ անորոշ երիտասարդուհին ապագայ չ’ունին, եւ կամ մռայլ ապագայ ունին: Որպէս հայ, պարտիք ամբարել հայեցի կրթութիւն, որ զայն արդէն մասամբ կը ստանաք ընտանիքին եւ դպրոցին մէջ ու մասամբ ալ՝ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ Հոկենմենական շարժումին մէջ: Եթէ Հայ Կաթողիկէ համայնքին կը պատկանիք, պարտիք մօտէն ճանչնալ ձեր համայնքին կեաքն եւ անոր գործունէութիւնները ու կարիքները, որպէսզի կարենաք ապագային գրաւել յարմար դիրքը եւ տեղը ձեր համայնքէն ներս՝ եւ անոր օգտակար դառնալ: Այդ տեղեկութիւնները հաւաքելու համար, ձեզի կ’օգնեն վարդապետները, համայնքային միութիւնները եւ յատկապէս՝ Պատանեկան Միութիւնը:
Եթէ այսպիսի նպատակներով յառաջանաք, տարուէ տարի ձեր ընդհանուր տեսութիւնը անցուդարձերուն մասին պիտի փոխուի՝ տարբեր աչքով պիտի նայիք դէպքերուն: Ձեր ըմբռնումը եւ արժեւորումն իրերուն մասին ալ պիտի փոխուի՝ պատասխանատու ձեւով պիտի մտածէք ձեր ապագային մասին, ձեր կարեւորութեան մասին՝ որովհետեւ դո՛ւք կարեւոր էք, մի մոռնաք ասիկա, եւ աւելի կարեւորութիւն պիտի ստանալ եթէ կարեւորութիւն տաք ձեր համայնքին, ձեր ազգին, ձեր ընտանիքին եւ ձեր շրջապատին: Այս ընթացքով, կամաց կամաց, պիտի զբաղիք կարեւոր հարցերով եւ պիտի գիտնաք զանազանել օգտակարը նուազ օգտակարէն, հայկականը ոչ հայկականէն, եւլն. եւ պիտի ձգտիք կարեւորագոյնին:
Սիրելի պատանիներ, ձեր այս ուղեւորութեան ընթացքին, օրինակ առէք Երանելի Մալոյեան նահատակը: Ան՝ հաւատարիմ մնաց Քրիստոսին, Ս. Աւետարանին եւ իր ազգին՝ մինչեւ մահ: Ան պիտի օգնէ ձեզի, որպէսզի դուք ալ համոզուած, համարձակ եւ զօրաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ դառնաք, եւ կարենաք դիմագրաւել ձեր կեանքը աչալրջութեամբ եւ յաջողութեամբ: Երանելի Մալոյեանի օգնութեամբ եւ զօրակցութեամբ, ջանացէք ձեր ընկերներն ու բարեկամները իրեն սիրաշահիլ եւ զանոնք մօտեցնել առողջ սկզբունքներուն, որպէսզի անոնց կեանքն ալ իմաստ ունենայ եւ անոնք ալ երջանիկ դառնան:
Կ’ուզեմ շնորհաւորել, յատուկ կերպով այս գիշերը, Ատետման Կուսի եւ Ս. Խաչ ժողովրդապետութիւններու Հայ Կաթողիկէ Միութեան պատասխանատուները եւ բոլոր անդամները: Բարի յիշատակութեան արժանի են նախ՝ ՀԿՄ.ի շարժումին հիմնադիրը՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեան, բոլոր իրերայաջորդ հոգեւոր վարիչները, Աշրաֆիէի նոր հոգեւոր վարիչը՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, եւ մանաւանդ կ’ուզեմ ողջունել իրենց զաւակները՝ ՀԿՄ.ի վստահող Հա՛յ ծնողները: Լաւ եւ խելացի գործ կ’ընէք ձեր զաւակները ղրկելով Հ.Կ.Մի:
Սիրելի Հ.Կ.Մ. պատանիներ, խորհուրդի անդամներ եւ ծնողներ՝ Ձեր եկեղեցին սիրեցէք, Ձեր ազգը սիրեցէք, Ձեր լեզուն սիրեցէք եւ անոր նախանձախնդիր եղէ՛ք: Վարձքերնիդ կատար:
Աստուած ձեզ օրհնէ: