Պէյրութ
Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2011 կէսօրուան ժամը 12.00ին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը ընկերակցութեամբ ՀՀ Լիբանանի մօտ դեսպան պրն Քոջարեանին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի քարտուղար Արթիւր Տումանեանին:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց իր հիւրերը Արցախի անկախութեան հռչակման 20ամեակին առիթով եւ մաղթեց որ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը շուտով իրականութիւն կը դառնայ: Այնուհետեւ զրոյցը շօշափեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առընչուող հարցեր եւ յատկապէս յառաջիկայ Սեպտեմբեր 19-20-ին գումարուելիք համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին՝ «ծանօթանալ վստահիլ եւ համագործակցիլ» ընդհանուր կարգախօսին ներքեւ, յատուկ կերպով նշելով կարտինալ Աղաճանեանին տրամադրուելիք հատորին նախաձեռնութիւնը:
Տիկին նախարարուհին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայանպաստ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար, եւ վերահաստատեց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու հայ կաթողիկէ կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն, յատկապէս այն ծրագիրներուն, որոնք կը մտնեն հայապահպանութեան եւ այլասեռման դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս: Ան անդրադարձաւ նախարարութեան ծաւալած աշխատանքներուն, որոնց մէջ յատուկ տեղ ունին երիտասարդները, որոնք ապագան կը մարմնաւորեն: Նախարար Յակոբեան յիշեց այս տարուան ընթացքին ցարդ իրականացած ծրագիրներն ու ապագայի նախաձեռնութիւններուն մասին խօսեցաւ: Ան նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասարդները Հայաստան բերելու եւ հոն անոնց յատկացուած ծրագիրներ իրականացնելու հարցին:
Այնուհետեւ շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպման ընթացքին, տիկին նախարարուհին պատասխանեց հանդիպման ներկայ հոգեւորական եւ աշխարհական գործիչներու հարցումներուն: Յաւարտ հանդիպման Տիկին Նախարարուհի Յակոբեան եւ դեսպան Քոջարեան հիւրընկալուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ կէսօրուան ճաշի սեղանին շուրջ:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան