Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2012 - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կ’ընդունի՝ կարտինալ Գուրթ Գոխը


Երեւան

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Քրիստոնեաներու Միութեան Զարգացումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխը, ինչպէս որ այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը:

Նախագահ Սարգիսեան ողջունած է Կարտինալի այցը Հայաստան նկատելով այդ՝ Հայաստանի և Սուրբ Աթոռի միջև յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման լաւագոյն վկայութիւններէն մին:

«Որպէս քրիստոնէութիւնը աշխարհի մէջ Պետականօրէն ընդունած առաջին Երկիր՝ Հայաստանի համար Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները մեծ կարևորութիւն և նշանակութիւն ունին: Ես հաճոյքով կը վերհիշեմ անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Բենեդիկտոս ԺԶ. Նորին Սրբութեան հետ կայացած իմ հանդիպումը Վատիկան, որու ընթացքին քննարկեցինք Հայաստանի և Վատիկանի միջև յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգը:
Երկկողմ պատմական կապերը ու առնչութիւնները, հարուստ մշակութային և հոգևոր ժառանգութիւնը, արժեհամակարգի ընդհանրութիւնները մեզ կը ստիպեն մեր յարաբերութիւնները մշտապես պահել բարձր մակարդակի վրայ և հնարաւորին խորացնել» (ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան): Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ձևաւորուած են նաև Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ, որը միանգամայն բնական է՝ նկատի առնելով երկու Եկեղեցիները կապող քրիստոնէական արժեհամակարգը ու գաղափարախօսութիւնը:

Իսկ Կարտինալ Գոխ ուրախութեամբ ըսած է, որ Հայաստանը՝ որպէս հարուստ պատմութիւն, լուրջ քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող երկիր, կը պահպանէ այդ աւանդոյթները ու կը զարգացնէ:
Ան նշած է, որ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է խրախուսել խաղաղութեան պահպանումը, զարգացնել երկխօսութիւնը ու համագործակցութիւնը բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ, որը աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման առաջին նախապայմանն է:
Հանրապետութան ղեկավարը մեծապէս կարևորած է Վատիկանի դերը ոչ միայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու եւ հանդուրժողականութեան հաստատման, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի համախմբման դաշտէն ներս ալ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=624908


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ