Պէյրութ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Լիբանանի երեսփոխանական խորհուրդի նախկին փոխ նախագահ եւ նախկին երեսփոխաններու միութեան նախագահ Միշէլ Մաալուլին, եւ նախկին երեսփոխան ու նախկին նախարար Յակոբ Չուխատարեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Գերապատիւ Հայր Վարդան Վարդ. Գազանճեան։
Ներկաներուն զրոյցը ընթացաւ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն շուրջ։ Նախկին երեսփոխան Միշէլ Մաալուլի զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ սուրիացի գաղթականներուն մասին պետութեան ծրագիրներ ներկայացուած են։ Մեծարգոյ հիւրերը նաեւ տեղեկացուցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իրենց գործունէութեանց մասին։ Ի մասնաւորի անոնք ըսին, որ հարկաւոր է տարբեր միջոցներ յանձն առնել, հեռու մնալու համար այն վտանգներէն, որոնք կը սպառնան ոչ միայն Լիբանանին, այլ ամբողջ արաբական աշխարհին։ Ըստ հիւրերու, Լիբանանին սպառնացող վտանգներէն մեծագոյնը թերեւս գաղթականներն են եւ նկատեցին, թէ պէտք է շուտափոյթ ձեւով այդ երեւոյթին առաջքը առնել։