Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 2010 - Իտալիոյ դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Պէյրութ, Լիբանան

 

IT232323
Չորեքշաբթի
, 5 Մայիս 2010, առաւօտեան ժամը 9.00-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Իտալիոյ դեսպան պրն. Կապրէլ Քէքիա, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեան եւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացքին համար, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի վերջին այցը՝ Իտալիա եւ Վատիկան։

Իտալիոյ դեսպանը նշեց համայն Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցապետերուն կարեւոր դերը, եւ անդրադարձաւ Իտալիոյ դրական ներդրումին մասին Լիբանանի խաղաղութեան եւ համակեցութեան համար։

Ներկաները քննարկեցին նաեւ գործակցութեան նախագիծերը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Իտալիոյ դեսպանատան միջեւ։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ