Երկուշաբթի, 23 Մայիս 2011 - Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէս


Պուրճ Համմուտ

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէնութիւնը, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, աւարտական դասարաններու աշակերտութիւնը, ծնողներն ու բարեկամները, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրերը հաւաքուած էին վարժարանի շրջափակին մէջ, մասնակցելու վկայականաց բաշխման աւարտական հանդիսաւոր արարողութեան։
Հանդիսաւոր այս երեկոն բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու հնչիւններուն ներքոյ, որմէ յետոյ մեկնարկեց օրուան յայտագիրը՝ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի խօսքով։ Տնօրէնը նշեց, որ «72 տարիներ սերունդներ դաստիարակող կրթական այս հաստատութիւնը այսօր կու տայ իր 72-րդ հունձքը»։ Ան հաւաստեց, որ ասիկա է կրթական հաստատութեան կրթական առաքելութեան մէջ յաջողութեան ամենախօսուն ապացոյցը եւ հաւատք յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ հայութեան գոյատեւումը եւ զարգացումը եկեղեցւոյ կողքին կը պայմանաւորումի հայ վարժարանի կայունութեամբ։ Ա՛յն վարժարանի, որուն գլխաւոր դերը ազգապահպանումն է։ Տնօրէնը իր խօսքին մէջ նաեւ վստահեցուց, որ այդ վարժարանը «պիտի հասցնենք այն մակարդակին, ինչպիսին ոեւէ հայ մարդ պիտի փափաքէր տեսնել եւ ունենալ՝ այսինքն՝ միջազգային չափանիշներով նախանձելի կրթական համալիրի մը»։
Օրուան ընթացքին հնչեցին շրջանաւարտներու խօսքեր հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Ինչպէս նաեւ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը։
Օրուան պատգամաբերն էր "Ազդակ" օրաթերթի տնօրէն, Շահան Գանտահարեան, իր պատգամին մէջ նշեց, որ հայկական վարժարանի շրջանաւարտը ունի իր առաւելութիւնները՝ «հայեցի դաստիարակութիւն, լիբանանեան հասարակութեան հետ լիարժէք համարկում, հայկականին եւ լիբանանեանին միջեւ գեղեցիկ հաւասարակշռութեան պահպանում, գիտելիքներու իւրացում եւ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներու կերտում», որոնք բոլորն ալ տուած է կրթական այս հաստատութիւնը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարժարանի վահանի հանդիսաւոր փոխանցման արարողութիւնը յաջորդող աւարտական դասարանին։ Ինչպէս նաեւ աւարտականներու պատրաստած Տի.Վի.Տի.-ի ցուցադրութիւն։
Իսկ հանդէսի աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կատարեցին արհիապատիւ հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ եւ օրուան պատգամաբեր Շահան Գանտահարեան։
Աւարտական կարկանդակի հատումէն եւ ուրախ հրավառութենէն յետոյ շրջանաւարտները ընդունեցին սրտաբուխ շնորհաւորանքները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ