Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2013 - Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու վատիկանի փորձերը դարձեալ կը ձախողին

ԻՆՉՈ՞Ւ   ԶԱՐՄԱՆԱԼ…

Վատիկանեան աղբիւրներ տեղեկացուցին թէ  Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն՝ միջ-կրօնական Երկխօսութեան պապական Խորհուրդին քարտուղարը, Հայր Միկել Անխել Այուսօ Կուիքսոթ  Մայիսի վերջին օրերուն գացած է Անգարա՝  Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախագահութեան (Տիյանէթ) պատասխանատուներուն հետ պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու։ Տիյանէթը Թուրքիոյ սիւննի իսլամական բարձրագոյն իշխանութիւնն է հիմնուած թրքական խորհրդարանին կողմէ 1924-ին եւ կախեալ է ուղղակիօրէն վարչապետէն։ Այս հիմնարկը կը զբաղի կրօնքին վերաբերեալ հարցերով եւ վարիչն է պաշտամունքի վայրերուն։

Հայր Միկել Անխել Այուսօ Կուիքսոթ, ընկերակցութեամբ միջ-կրօնական Երկխօսութեան պապական Խորհուրդի իսլամական հարցերու բաժնի պատասխանատու գերյարգելի Խալետ Աքաշեհի, Հինգշաբթի՝ 30 Մայիս 2013-ին տեսակցութիւն մը ունեցած է  Տիյանէթի նախագահ Մեհմէտ Կէօրմէզի հետ։ Վատիկանի ներկայացուցչին՝ ըստ երեւոյթին լուսարձակներէ հեռու տեղի ունեցած այս այցելութեան նպատակը եղած է գործադրութեան դնել «Statement of Intent» (Յայտարարութիւն նպատակներու մասին)  խորագրեալ համաձայնագիրը որ  կնքուած է վատիկանեան պաշտօնատան եւ Տիյանէթին միջեւ եւ  ստորագրուած 25 Ապրիլ 2002-ին Հռոմի մէջ։ Փաստաթուղթը ստորագրուած է  Տիյանէթի այդ օրեայ նախագահ Մեհմէթ Նուրի Եըլմազին  եւ Կարդինալ Ֆրանսիս Արինզէի կողմէ, որ  միջ-կրօնական Երկխօսութեան պապական Խորհուրդին նախագահն էր։ Այնուհետեւ շփումները շարունակուած են երկու կողմերուն միջեւ, սակայն համաձայնագիրը գործադրութեան դնելու փորձերը ապարդիւն եղած են եւ ան  մեռեալ տառ մնացած է։ Ինչո՞ւ։ Վատիկանեան աղբիւրները այս մասին բացատրութիւն չեն տար, ոչ ալ զարմանք կը յայտնեն, գոհանալով հրապարակել  համաձայնագրին նպատակը.-
1) Զարգացնել կրօններու միջեւ հասկացողութիւնը եւ ջնջել  կրօնական բնոյթի թիւրիմացութիւնները եւ նախապաշարումները,
2) Յարգել տալ կրօնի, հաւատքի եւ խղճի ազատութիւնը,
3) Քաջալերել եւ զարգացնել տարբեր կրօններու մասին կազմաւորման յայտագիրները,
4) Նպաստել միջ-կրօնական երկխօսութեան իր բոլոր ձեւերուն մէջ,  մասնաւորաբար դիւրացնելով կրօնական ուսուցման հետ առնչուած համալսարանական հաստատութիւններուն միջեւ շփումները,
5) Համաձայնագրի գործադրութեան հսկել երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ կանոնաւոր ժողովներու միջոցաւ։

Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագրին վերոնշեալ նախատեսութիւնները ինքնին պերճախօս բացատրութիւնն են  համաձայնագրի մեռեալ տառութեան։ Արդարեւ, օսմանեան  կայսրութեան ջարդարար ղեկավարներուն հարազատ իրաւայաջորդը՝ «Սուլթան» Էրտողան ինչպէ՞ս կրնար իր հաւանութիւնը տալ մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, խօսքի, խղճի ու հաւատքի ազատութիւններուն հանդէպ յարգանք պարտադրող պայմաններու, Արդարութեան եւ Ժողովրդավարութեան կարգ ու կանոնին հաւատարմութիւն ենթադրող  համաձայնագրի մը եւ անով նախատեսուած գործընթացի մը, որուն՝  իրմէ յանձնառու ըլլալ կը պահանջէր միջազգային բարոյական ամէնէն հեղինակաւոր իշխանութիւնը, մինչ էրտողանեան իշխանութիւններուն վարքագիծը, անոնց կողմէ կիրարկուած թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքականութիւնը իր բոլոր երեսներով ժխտումն է այդ գործընթացով պահանջուած քայլերուն։

Վատիկանի պատասխանատուները վստահաբար չեն կրնար  բռնատէր Էրտողանի իշխանութիւններէն նման համաձայնագրի մը ընդունումը ակնկալելու չափ միամիտ ըլլալ, մինչ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին փոքրամասնութիւնները կը ճնշուին, մարդու իրաւունքները կ՚ոտնահարուին, ազատախօս քաղաքացիներ ու մտաւորականներ կը հալածուին, քրիստոնեայ կրօնաւորներ կը սպաննուին,  պատմական մշակոյթի կոթողներ ու եկեղեցիներ կը թալանուին ու կը կործանուին, սերունդներ ցեղապաշտական ոգիով կը դաստիարակուին, պատմական ճշմարտութիւնները կը խեղաթիւրուին կամ կը ժխտուին, եւ այս բոլորը եւ շատ աւելին՝  իշխանութիւններուն գիտակցութեամբ ու բացայայտ մեղսակցութեամբ։ Հետեւաբար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութենէն հազիւ երեք ամիս անց, 2002-ին կնքուած համաձայնագիրը անգամ մը եւս վերականգնել ու գործադրութեան դնել փորձելով, փորձի ձախողութենէն ետք անոր բովանդակութիւնը հրապարակելով, զայն միջազգային հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելով՝ Վատիկան յաչս աշխարհին եւ յատկապէս  յաչս Եւրոպային  բացայայտած կ՚ըլլայ օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ իշխանութիւններուն  կեղծիքը,  իրական դիմագիծը եւ այլատեաց  նկարագիրը, որ կը մնայ այն ինչ որ էր հարիւր տարի առաջ։  

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
5 Յունիս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ