Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 - Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տօնահանդէս ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ


Պուրճ Համմուտ

Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, նախագահութեամբ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տօնահանդէս:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Փաթիլ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց հանդիսութեան նպատակը պարզապէս աւանդութիւնը պահելը չէ, այլ` Հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը նշելով անոր խորհուրդով ապրիլն է:

Ապա Սուրբ Վարդանի երէցները նուագեցին ազգային երգեր, Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»-ը, իսկ Կասիա Էճիտեան (կիթառ), Նարեկ Չերչեան (Ֆլիւթ) եւ Լորի Մոմճեան (կիթառ) նուագեցին հայրենասիրական երգեր:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Վարդանանց» թատերգութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատգամախօս, Պէյրութի՝ «Վանայ ձայն» ռատիօ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդն ու վարդաններու ուղիին հետեւելու կարեւորութիւնը:

Կիտանեան ըսաւ. «Մենք գիտենք պարտութենէն յաղթանակ կերտել», եւ այդպէս եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան էութիւնը: Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ յաղթանակը քրիստոնէութիւնը պահելն է, որովհետեւ ուզեցին հայերուն կրօնափոխութեան ենթարկել, բայց չկրցան: Պատգամախօսը յայտնեց, որ անցեալին պարսիկները, իսկ մօտիկ անցեալին թուրքերը փորձած են սպաննել մեր հայկականութիւնը, սակայն չեն կրցած, քանի որ հայութիւնը իր արժէքներուն միշտ ալ կառչած մնացած է:

Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ օտար վարժարաններ յաճախելն ու օտար ամուսնութիւնը պարծենալիք երեւոյթներ չեն, այլ հայկականութենէ հեռանալու կամ հեռացնելու միջոցներ: Ան նշեց, որ այսօր հայութիւնը ունի հայրենիքի վերականգնման, Արցախի հարցին լուծման եւ ջաւախքահայութեան պահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերու:

Բանախօսութենէն ետք «Բլբուլ» երգչախումբը երգեց «Հայկական բանակ»-ը, «Հզօր Հայաստան»-ը եւ «Աւարայրի դաշտ»-ը (Մեներգող` Սինթիա Արապկիրլեան), որոնցմէ ետք Քարլա Քաչոյեան ասմունքեց Գարեգին Սրուանձտեանի «Երգ Վարդանանց յիշատակին»-ը: Իր կարգին, Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց երկու ստեղծագործութիւն, մինչ Անայիս Նենեճեան-Կետիկեան երգեց «Կռունկներ»-ը եւ «Հայրենիքիս հետ»-ը:

Յայտագիրի աւարտին, հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան: Ապա Վարդանանց տօնախմբութիւնը փակուեցաւ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի պատգամով: Գերապայծառ Թէյրուզեան հաստատեց, որ Վարդանանց հերոսները կրցան թշնամիներուն «Ոչ» ըսել, եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենան մեր այսօրուան երիտասարդները` մերժելով օտարութիւնը եւ պահպանելով քրիստոնէութիւնը, հայկականութիւնը եւ արժէքները: Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ. «Մեր միակ փրկութիւնը Հայաստանն է, որպէսզի կարենանք ամբողջովին պահել մեր հայկականութիւնը»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ