Շաբաթ, 23 Մարտ 2013 - Լատին Ամերիկայի թեմի առաջնորդ` Վարդան Եպս. Պօղոսեանի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ


Վատիկան

Հինգշաբթի 21 մարտի կէսօրին, Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` արհի. Վարդան եպս. Պօղոսեան, առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, Վատիկանի Սանդա Մարդա բնակարանին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին գերապայծառ Պօղոսեան, նորընտիր Քահանայապետին յայտնեց Արժանթինի հայ համայնքի երախտագիտութիւնը, անոր ցուցաբերած մօտիկութեան եւ հայրական հոգատարութեան համար երբ Պուէնէս Այրէսի արքեպիսկոպոս էր։

Գերապայծառը անդրադարձաւ յատկապէս 2005-ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Արժանթին կատարած հովուական այցելութեան եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումներուն։
Հայ Կաթողկէ առաջնորդը, այս առթիւ, Նորին Սրբութեան նուիրեց Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրքի» անգլերէն թարգմանութիւնը եւ հայկական տպագրութեան 500 ամեակը նշող յոբելինական մետալը։

Ֆրանչիկոս Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պօղոսեան գերապայծառին իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով հայ ժողովուրդին ու յատկապէս Արժանթինահայութեան, յատուկէն յիշելով Պուէնէս Այսրէսի Տիրամայր Նարեկի անուան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Բապլօ Հաքիմեանը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ