Հռոմ
Կիրակի, 6 ապրիլ 2014, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան հայածէս ժամերգութիւն եւ աղօթքի երեկոյ Սուրիոյ խաղաղութեան համար:
Արարողութեան ընթացքին յատուկ կերպով յիշատակուեցան քեսապահայութեան տառապանքը եւ առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու քահանաները, որոնց շարքին է՝ տէր Միքայէլ վրդ. Քայալը: Աղօթքի դիտաւորութեան մաս կազմեց նաեւ Ուգրանիոյ ժողովուրդը եւ Նիճերիոյ մէջ առեւանգուած երկու իտալացի միսիոնարները:
Երեկոյեան աղօթքը նախագահեց Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Մատթէոս Ծուբբի, որ միաժամանակ Հռոմի զանազան Եկեղեցիներու միսիոնարական կեդրոնին պատասխանատուն է:
Հանդիպումը կազմակերպած էր Հռոմի թեմական Փոխանորդութեան գաղթականներու հովուականին նուիրուած գրասենեակը եւ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ գերմանական-հունկարական, մարոնիթ եւ մելքիդ վարժարանները: Այս երեկոյին մասնակցեցան մեծ թիւով արեւելեան եւ տեղական Եկեղեցիներէն հաւատացեալներ: