Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2013 - Սուրբ Միքայէլ Դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն

Զմմառ

Փոթորկաշունչ դարի փոթորկայոյզ ասպետը: Այսպէս կարելի է բնութագրել իր էութեամբ ազգային եւ համոզումներով կաթողիկէ, հայ մեծանուն Կարդինալ` հայոց Ջաւախք աշխարհի երբեմնի ծաղկուտ ոստան` Ախալցխա գիւղաքաղաքի 18 Սեպտեմբեր 1895-ի ծնունդ Ղազարոս Աղաճանեանին:

Ան՝ իր կեանքի ընթացքին յարատեւ ճամբորդելով տարբեր աշխարհներ, ձգտեցաւ իր մտքին ու հոգիին տենչանքը հանդիսացող` արդար ու հաւասար աշխարհի մը կերտումին, աշխարհ մը՝ ուր իր ազգն ու հայրենիքը հանգիստ ու ապահով կեանք մը ունենային: Հայրենիք հասկացողութիւնը Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանին ընկերակցեցաւ իր կեանքի ողջ ընթացքին: Այդ հասկացողութիւնը աւելի շատ հոգիի հայրենիքի մասին էր, որովհետեւ հայը խորհրդային կարգերու հաստատումով կորսնցուցած էր եւ չէր գիտեր ուր գտնել զայն:
Աղաճանեանի մօտ ձգտումը կար հոգեկան հայրենիքին հասնելու, որը վերացական ու աղօտ էր, սակայն 1963-ին շօշափելի դարձաւ, եւ այսպէս հայ կաթողիկէ համայնքին իր նիւթական օժանդակութեամբ ժառանգեց ինքնուրոյն դպրեվանք մը` փառատելով անոր խեղճուկ ու անմխիթար վիճակը:

Դպրեվանքը անցնող հինգ տասնամեակներու ընթացքին ազգին շնորհեց բազմաթիւ կուսակրօն վարդապետներ եւ ազգանուէր աշխարհականներ, որոնք ալ այսօր ուրախութեամբ կը նշեն անոր 50 ամեայ յոբելեանը:
Կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2013-ի յետ միջօրէի ժամը 6-ին, դպրեվանքի շրջափակին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ դպրեվանքի ոսկեայ յոբելեանը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, նախաձեռնութեամբ` Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսչութեան, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, մշակութային, կրթական, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ նախկին նորընծաներու եւ հոծ բազմութեան:
Հնչեցին լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները, իսկ Ս. Միքայէլ դպրեվանքի քայլերգը՝ □Օ՛ն դու ակումբ հրեշտակաց□ը հնչեցուցին ժառանգաւորները
Բացման խօսքը արտասանեց ժառանգաւորներէն Գրիգոր Պոյաճեան:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին □Բլբուլ□ մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի, սրինգի ընկերակցութեամբ` Գէորգ Քէշիշեանի։ Անոնք ներկայացուցին հայրենասիրական եւ մարտաշունչ երգերու ընտրանի մը:

Դպրեվանքը անաւարտ թողած, բայց միշտ համայնքին ծառայած` Տէր Ալիշան Քհն. Աբարթեան, Մանուէլ Քէշիշեան եւ Անտրէ Գոտունի ներկաներուն փոխանցեցին դպրեվանքէն իրենց ստացած անմոռանալի տպաւորութիւնները եւ ստացան յուշանուէրներ՝ համայնքին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին համար:
Ապա, տեղի ունեցաւ Տիգրան Փիլիպպոսի եւ Գէորգ Ներսէսեանի պատրաստած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որ կ’ընդգրկէր դպրեվանքին պատմականը:
Կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճի ներկայացուց 50 ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձօն մը իր յօրինումով:
Ժառանգաւորները երկձայն երգեցին Աստուածամօր նուիրուած` □Մնա մեր տան մէջ□ տաղը:
Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ` գերապատիւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան Դանիէլ Վարուժանի □Արեւելեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ□ բնաբանով սկսաւ իր խօսքը հաստատելով որ □արեւելքը լոյսն է աշխարհի, որմէ կը սնուի քրիստոնէութիւնը: Արեւելքն է որ կը մատակարարէ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կղերականները□: Այնուհետեւ արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին եւ այնտեղ բնակող հայութեան ապագային շուրջ խորհրդածելէ ետք, ան շեշտը դրաւ դպրեվանքի կարեւորութեան վրայ մարդկութեան համար ընդհանրապէս, եւ հայ ժողովուրդին համար մասնաւորաբար։ □Սփիւռքի տարածքին  հայապահպանութեան գրաւականը` անկասկած հաւատքն ու լեզուն է: Ահա թէ ինչու Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, մեր մատենագիրները առաջին հերթին կղերանոցներու կողքին կառուցեցին կաճառներ, ուր պիտի պատրաստուէին ապագայ ջահակիրները□: Հայր սուրբը աւելցուց` □Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, արդ` համաշխարհայնացման յորձանուտը իր հմայքներովը կուլ պիտի տայ նորահաս սերունդին։ Հոսանքին հակառակ թիավարելը, եւ զայն մեր ազգին շահերուն համապատասխանեցնելը ազգովին մեր պարտականութիւնն է, ասոր համար անհրաժեշտ է պատրաստուած կղերականներ□ ըսելով ան եզրափակեց խօսքը:
Ժառանգաւորներուն եւ ներկաներուն իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Ան ըսաւ որ □դպրեվանք կառուցել կը նշանակէ ապագայի քահանայ պատրաստել, քահանայ պատրաստել կը նշանակէ համայնքին գոյատեւումը ապահովել: Արդ, առանց քահանայի եկեղեցին չի գործեր: Անոր խորհուրդները մատակարարող չըլլար...□: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը դպրեվանեցիներու կազմաւորումը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց. 
□1. ժառանգաւոր ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ կոչին ընդառաջել:
2. Ապրիլ հասարակաց կեանք ուր ժառանգաւորը հասարակութեան մէջ ինքզինք կը բացայայտէ:
3. Բանիմաց եւ զարգացած կղերական ըլլալ, որով կարելի կ’ըլլայ ճիշդ ձեւով առաջնորդել հօտը□:
Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով վանքին մեծաւորը, տեսուչը, փոխ տեսուչը, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորները։ 
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն: Սոյն պատուին արժանացան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ու վանքին մեծաւոր հայրը, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վրդ. Նորատունկեանը, որուն յուշանուէրը յանձնուեցաւ վարժարանի փոխ տեսուչ` Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահին:
Հուսկ տեղի ունեցաւ յոբելինական կարկանդակին հատումը։
Հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին ամեն.  Հոգեւոր Տիրոջ, Զմմառու մեծաւորին, ընծայարանի տեսուչ` Գերպ. Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանին եւ փոխ տեսուչ` Գերպ. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանին։

Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ