Հարիսա, Լիբանան
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինարին երկրորդ օրը ունէր որպէս նիւթ «Համացանցային Մշակոյթ»-ը։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Փրոֆ. Ռիվոլդելլա։ Ան նշեց առանցքը ընկերային նոր հաղորդակցութեան, նշելով Web 2.0 նոր թեխնիքի յատկանիշերը, բացայայտելով այդ յատկանիշերու ազդեցութիւնը մարդու ու ընկերութեան վրայ։ Փրոֆ. Ռիվոլդելլա հաստատեց որ այս նոր փնտռտուքը հեռու է ֆիզիքական աշխարհէն, շփումէն ու ընկերակցութենէն։ Նոր արհեստագիտութիւնը դարձած է ''ընկերային նոր դերակատար''։
Երկրորդ միջամտութիւնը կատարեց Տոքթ.Ժորժ Սատաքա ''Մարդաբանական Յեղաշրջումը Տեղեկատուական Ընկերութեան մէջ'' նիւթին մասին։ Ան պարզեց ընկերային հաղորդակցութեանց զանազան միջոցները, սկսեալ Տպագրութենէն,Ռատիոյէն, Հեռուստատեսիլէն մինչեւ Եթերային միջոցները։ Ան յատկապէս նշեց որ համացանցը մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է, եւ մեծ ազդեցութիւն ունի ընկերութեան վրայ, այնպէս որ աշխատանքէն ետք անիկա դարձած է մարդուն եկրորդ զբաղումը։ Տոքթ. Սատաքա հաստատեց որ ի վիճակի չէ նախատեսելու համացանցի յեղաշրջումը եւ այդ պատճառաւ Եկեղեցին պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու անքննարկելի այս միջոցը։
Յետմիջօրէին հայր Անթոնիօ Սբատարօ ելոյթ ունեցաւ ''Հոգեւորութիւնը եւ Աստուածաբանութիւնը Համացանցին Միջոցաւ'' նիւթին մասին։ Ան ընդգծեց որ ցանցը Աւետարանութեան միջոց մը չէ, այլ վայր մը՝ Աւետարանութեան ։
Հուսկ Տիար Շըքրալլահ Ասսաֆ խօսեցաւ «Համացանցի Ներկայութեան Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ մէջ» նիւթի մասին ։
Այս թղթակցութիւնը պատրաստեց ռատիովատիկանի հայկական բաժնի պատասխանատու` Ռոպէր Աթթարեան, որ ներկայիս կը մասնակցի սոյն Ժողովի աշխատանքներուն որպէս ներկայացուցիչ Ռատիովատիկանի ու Թելեբաչէ Արմէնիա հեռուստակայանի հայերէն հաղորդաժամին։