Կորւոստը անդառնալի էր, կորուստին ձգած վաստակը մխիթարիչ:
16 Նոյեմբեր 2008-ին, Հայ Կաթողիկէ համայնքին համայն հայութիւնը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը եւս, յանձինս՝ Գերյարգելի Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանի:
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2008-ին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Զմմառու Մայրավանքին մէջ, ուր ներկայ էին միաբան հայրեր, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լուսահոգիին հարազատները:
Հանգուցեալի կեանքի ուղին սկսած էր 1931-ին, Սուրիոյ Քեսապ լեռնաքաղաքէն: 14 տարեկանը նոր բոլորած մուտք գործած է Զմմառեան Արծիւեան միաբանութեան դպրեվանքը, որպէս նորընծայ:
Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական կրթուոիւնը ստացած է Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն 1953-1959, բարձրագոյնը՝ Պէյրութի Յիսուսեաններու Ս. Յովսէփ համալսարանէն ներս:
Պէյրութի Ս.Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Յարութեան տօնին օրը ձեռնադրուած է քահանայ, ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճեանեանին 1959-ի Մարտի 29ին:
Մեծ էր անոր վաստակը համայնքին ձեւաւորման գործին մէջ: Ան իր մանկավարժական տարիները սկսաւ 1959-1960, Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, որպէս օգնական ժողովրդապետ եւ ուսումնապետ:
1960-1963 Զմմառու−Ճիւնիի վարչական, փոխ մեծաւոր նորընծայարանի եւ ուսումնապետ:
1963-1969 Դամասկոսի տնօրէն՝ Նորաշէն Ալիշան վարժարանի:
1969-1981 տնօրէն՝ Մեսրոպեան վարժարանի:
Ան իր մանկավարժական 22 տարիներու ընթացքին, ազգին եւ եկեղեցւոյ ծառայելու փայլուն դասեր տուած է իր սաներուն:
Գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է հետեւեալ ձեւով.−
1982-1988 խմբագրապետ «Աւետիք»ի եւ քարտուղար կաթողիկոսին:
1988-1991 Զմմառու վարչական, տեղապահ, մեծաւոր:
1993-ին դարձեալ խմբագրապետ «Աւետիք»ի:
Հրատարակած է Մարիամ Աստուածածնի Ամենասրբուհի 2001-ին:
Թարգմանութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականին 1993-95:
Երկու աշակերտականաղօթագիրքեր:
Քրիստոնէականի երկու դասագիրքեր:
Աշխարհաբար թարգմանութիւն նոր կտակարանի, նոյնը տպուած է նաեւ Հայաստանի համար:
Աշխարհաբար թարգմանութիւն Սաղմոսարանի, նոյնը տպուած Հայաստանի համար:
Թարգմանութիւն Յիսուսի մինչեւ օրս չորս տպագրութեամբ:
Մարիամ Աստուածածին պատկերազարդ գիրքը:
2001-ին հիւանդութեան բերումով ան հանգստեան կոչուեցաւ: Յուղարկաւորութեան ընթացքին, դամբանակնը կարդաց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ
Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ան նշեց հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանի չորս յատկանիշները, ստորեւ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ:
«Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ՝ մտիր տիրոջդ ուրախութեան մէջ»: Հայր Մեսրոպը սիրեց իր համայնքը, ծառայեց իր ազգին, զանազան մարզերու մէջ: Դաստիարակեց սերունդներ, իրենց հայեցի կրթութեան ջամբելով, ծառայեց դպրեվանքին պատրաստելով ապագայ քահանաներ, որոնք պիտի դառնային քահանաներ Քրիստոսի:
Ան չգոհացաւ այս բոլոր ծառայութիւններով, ինքնաշխատութեամբ դարձաւ ծիսագիտութեան մասնագէտ, եկեղեցւոյ պատմութեան մասնագէտ եւ գրաբարագէտ: Ան ամբողջ ժամանակը նուիրեց էր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին:
Քարոզեց իր կենցաղովը, խօսքովը նաեւ գրիչովը: Այս ազդակները ժողովրդապետութիւնը, դպրոցը, դպրեվանքը եւ գրիչը ասոնք են 4 հիմերը մեր համյանքին եւ ինքը բոլորին մէջ եղաւ հաւատարիմ, լուրջ, ճղմարիտ եւ աշխատասէր, օրինակ հանդիսանալով շատերուն:
Հայր Մեսրոպին կը վայելէ այս խօսքը «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ՝ մտիր տիրոջդ ուրախութեան մէջ»: Այո:Հայր Մեսրոպը ծնաւ Կաթողիկէ հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ, իր մկրտութեամբ գիտէր որ ինքը կը մասնակցի թէ՛ Քրիստոսի մահուան, թէ՛ յարութեան, ասոր համար կրնայ մտնել տիրոջ ուրախութեան մէջ. ուր Յիսուս բազմած է հօրը աջ կողմը շրջապատուած հրեշտակներով եւ սուրբերով եւ անոնց գլուխն ու թագուհին է մեր սիրելի Աստուածամայրը:
Հայր Մեսրոպի համար ինչպէս ամէն Հայ հաւատացեալի համար մահը վախ չ՛ազդեր: « Ուր որ սէր կայ վախ չկայ» կ’ըսէ Ս. Յովհաննէս, ուր որ սէր կայ յատուկ առաքելութիւն կայ Աստուծոյ հետ եւ մարդոց հետ ու կեանքը տարբեր իմաստ կ’ունենայ:
Հայր Մեսրոպ մինչեւ կեանքին վերջին շունչը միշտ խաղաղ սիրտ ունէր, պիտի ըսէի մանկակն անմեղութիւն կը վայելէր, անշուշտ ունէր մարդկային
տկարութիւններ ալ բոլորիս նման, ասոր համար իր հոգւոյն համար մենք կ’աղօթենք եւ կը շարունակենք աղօթել, որպէսզի Աստուած զինք դասէ Տիրոջ ուրախութեան մէջ:
Եթէ կ’ուզենք հայր Մեսրոպի յիշատակը յարգել, պատուել պարտինք իր տեսլականին հետեւիլ, ուստի ըլլանք.
Ա- Առաքեալներ ժողովրդապետութեան մէջ, այսինքն ընտանիքներու մէջ, իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ հայրն ու մայրը իրենց զաւակներուն առաջին առաքեալներն են:
Բ- Առաքեալներ դպրոցէն ներս, ուր կը տրուի Քրիստոնէական ուսուցում եւ հայեցի դաստիարակութիւն, պատրաստելու համար սերունդներ որպէս՝ իսկական Հայ եւ Քրիստոնեայ մեր նախնիներուն օրինակովը:
Գ- Առաքեալ գրչով, գրիչը այսօր առաքելութեան ամենաազդու միջոցն է, «Աւետիք»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները հայր Մեսրոպի ամենավառ ապացոյցն է անոր կատարած աշխատանքի տարողութեանը:
Դ- Առաքելութիւն դպրեվանքէն ներս, ուր կը պատրաստուին ապագայի Հայ վարդապետները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը իր կեանքովը, գործովը եւ խօսքովը ու պիտի աւետարանէ իր վարուելակերպովն ու ապրելակերպովը:
Այս ամէնը միայն քահանայից պաշտօն չէ, քանզի Յիսուս կը հրահանգէ իւրաքանչիւրին հրամայական շեշտով «Աղօթեցէ՛ք, որպէսզի մշակներ ղրկէ ձեզի»: Մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած է Յիսուսի այս հրամայական աղօթքը եւ ոչ թէ միայն քահանաներուս, վասնզի համայնքի ապագան, եկեղեցւոյ կեանքը կապուած է մեր քահանաներուս թիւէն եւ որակէն, ասոր համար ամէն օր աղօթենք որպէսզի Աստուած ձեր շրջապատէն եւ ձեր զաւակներէն արժանաւոր կոչումներ հարուցանէ եւ եկեղեցւոյ համար ու Հայ ազգին համար:
Սիրելիներ, եթէ մենք կատարենք հայր Մեսրոպի տեսլականը, մասնաւորաբար այս չորս մարղերը ապա յարգած կ’ըլլանք անոր յիշատակը:
Սիրելի հայր Մեսրոպ, արժանի ես Յիսուսի խօսքին «Բարի հաւատարիմ ծառայ՝ մտիր տիրոջդ ուրախութեան մէջ»: Ամէն: