Երկուշաբթի, 18 Յունիս 2012 - Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովը Ադլանդայի մէջ


Ադլանդա, Միացեալ Նահանգներ

Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսները Ադլանդայի մէջ կը գումարեն գարնանային իրենց լիանիստ հաւաքը, որուն գլխաւոր նիւթն է կրօնական ազատութիւնը ազգային ու միջազգային գետնի վրայ։
Կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը նպատակադրեն հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնել մասնաւորապէս կրօնական ազատութեան ոտնահարումի հարցը  Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ  այլուր։
Եպիսկոպոսները նոյնպէս կը քննարկեն հովուական ծրագիրին վերակազմութեան մասին «Նոր Աւետարանացում՝ հաւատք, պաշտամունք, վկայութիւն» նիւթերը։
Նշենք, որ սոյն հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Նարեկի Տիրամօր` Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեան։

http://www.radiovaticana.org/arm/articolo.asp?c=596482


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ