Կիրակի, 29 Ապրիլ 2012 - «Երկխօսութեան դէմքեր» խորագրով միջազգային համագումար Պէյրութի մէջ


Պէյրութ
 
Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ին տեղի ունեցաւ «Երկխօսութեան դէմքեր» (Figures de dialogue) խորագրով միջազգային համագումարին բացումը Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» յիսուսեան հայրերու համալսարանի (USJ) կրօնագիտութեան՝ իսլամ-քրիստոնեայ ուսումնասիրութիւններու բաժնին մէջ։ այս հանդիսութեան հանդիսաւոր բացման նիստին եւ առաջին օրուան աշխատանքներուն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը , լիբանանեան տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու կողքին։

Այս երկօրեայ համագումարին ներդրում ունեցան օտար մասնագէտ հետախոյզներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Դունեսէն եւ Զուիցերիայէն։ Միջամտութիւնները անդրադարձան իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան լիբանանեան կարեւոր դէմքերուն, ապա նշեցին մարտահրաւէրները եւ ապագայի տեսութիւններուն մասին զեկոյցներ եղան, մեկնելով անցեալի փորձառութիւններէն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ