Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2008 - Մեսրոպեան Վարժարանը Մեծ Շուքով Տօնակատարեց Մեսրոպեանի Օրը

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Ուրբաթ, 2 Մայիս 2008-ին Մեսրոպեանը տօնական տրամադրութիւններու մէջ էր, որովհետեւ կը տօնէր աւանդական դարձած Մեսրոպեանի Օրը: Այդ օրը վարժարանը իր ողջ կազմով, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 2:10 ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնակատարեց իր սիրելի ու սպասուած դարձած Մեսրոպեան Օրը:

Օրը սկսաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի խօսքով, որ ըսաւ. «Այսօր աւանդական դարձած Մեսրոպեանի Օրն է, որ տեղի կÿունենայ կազմակերպութեամբ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան եւ համագործակցութեամբ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի: Սիրելիներ, այսօր բոլորս ուրախ օր մը պիտի անցընենք միասնաբար: Այն սկսինք Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով»: Այնուհետեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Տէր Կարապետ Թադէոսեան օրհնութեան աղօթքով հանդիսաւորապէս բացուած յայտարարեց Մեսրոպեանի Օրը, մաղթելով բարի ընթացք եւ, ապա, հրաւիրեց վարժարանի ողջ անձնակազմը՝ աշակերտութիւնը, տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմերը, Ծնողական Յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ՄՆՍՄ-ի վարչութիւնը, միասնաբար «Հայր Մեր»ով սկսելու համար օրը:

Այնուհետեւ կազմակերպիչ վարչութեան անունով խօսք առաւ ՄՆՍՄ-ի ատենապետ Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ ըսաւ. «Սիրելի Մեսրոպեանցիներ, արդէն երրորդ տարին է, որ յատուկ փայլքով կը կազմակերպուի Մեսրոպեանի Օրը: Դպրոցին առաքելութիւնն է ուսում ջամբել, լաւ մարդ պատրաստել, լաւ քրիստոնեայ պատրաստել: Դպրոցին նպատակին մաս կը կազմէ նաեւ ընկերային,
 
 
հաճելի եւ ջերմ մթնոլորտի մը ստեղծումը, աշակերտներուն միջեւ զօրաւոր կապերու հաստատումը, միաժամանակ դպրոց-աշակերտ կապերու ամրապնդումը: Այս տեսլականով է, որ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան նախորդ վարչութիւնը սկսաւ այս համարձակ նորութեան՝ դպրոցին մէջ լման օր մը յատկացնելով միայն հաճելի ժամանցի»: Շարունակելով իր խօսքը, Տոքթ. Էճիտեան վստահեցուց, որ «այս ձեռնարկը կը յաջողի, որովհետեւ ՄՆՍՄ-ը ամբողջ սրտով կը նետուի այս աշխատանքին, ինչպէս նաեւ որովհետեւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը անվերապահօրէն թիկունք կը կանգնի ՄՆՍՄ-ի այս նախաձեռնութեան, եւ որովհետեւ բոլորը հոգւով ու սրտով կÿաշխատին նախապատրաստելով այս ձեռնարկը»:  Վարժարանի նախկին սաները, որոնցմէ շատեր աւարտած են տակաւին հինգ տարիներ առաջ, իսկ շատեր ալ արդէն երեսուն տարիներ ամբողջացուցած են իրենց աւարտած օրուընէ, վարժարան կը վերադառնան, որովհետեւ այն կը համարեն իրենց տան շարունակութիւնը: Անոնք՝ թէկուզ ճերմկած մազերով, «կÿուրախանանք վարժարան վերադարձով, որովհետեւ տեսնելով ներկայիս աշակերտութիւնը, ձեռք-ձեռքի տալով կÿիրագործենք Մեսրոպեանի Օրը, որովհետեւ կը սիրենք Մեսրոպեան դպրոցը, հպարտ ենք Մեսրոպեանով, եւ միշտ ուրախ ենք Մեսրոպեանին մէջ»: Այսպէս աւարտելով իր խօսքը, ՄՆՍՄի ատենապետ Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, ուրախ ժամանց մաղթեց բոլորին:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ նախապէս մշակուած ծրագիրը: Տեղի ունեցան մարզական խաղ-մրցոյթներ: Պասքեթպոլի եւ ‎ֆութպոլի մրցաշարքերուն արդիւնքները ամփոփուելէ յետոյ, օրուան վերջաւորութեան յաղթող խումբերուն յանձնուեցան բաժակեր, ձեռամբ մարզական յանձնախումբի:

 
Մարզական խաղերուն զուգահեռ, մեկնարկած էր նաեւ մշակութային բաժինը, որուն մաս կը կազմէին առաջինէն մինչեւ տասներկրորդ դասարա¬նի բոլոր այն աշակերտները, որոնք
 
ցանկացած էին իրենց ձիրքերը ցուցադրել, ոմանք երգով, պարով, ասմունքով, իսկ ուրիշներ ալ թատերական հնարքներով: Մշակութային բաժինի հանդիսավարներն էին աւարտական դասարանի աշակերտներ Նայիրի Պուսույեան եւ Աւօ Գարաքէշիշեան: Մշակութային բաժինին մաս կը կազմէին նաեւ գծագրական մրցոյթը, որուն աշակերտները բերին խմբային մասնակցութիւն՝ ըստ դասարաններու: Նաեւ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն էր կաւէ մոմակալներու գունաւորումը, որոնք յետոյ իբրեւ յիշատակ աշակերտները իրենց հետ տուն տարին: Մշակութային բաժինը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00ին եւ տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00-ը:

Ամբողջ օրը, կազմակերպութեամբ վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբի, տեղի ունեցաւ նաեւ ուտեստեղէնի վաճառք: Ծնողական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ «Նեսթլէ» ընկերութենէն վարժարանի աշակերտութեան բաժնուեցան նաեւ ընկերութեան կողմէն տրամադրուած տուրմով կաթը եւ «քորն ‎ֆլէքս»ը:
Այս բոլորին զուգահեռ, կազմակերպուած էին նաեւ գերմէսի ուարխ խաղեր, որոնք կը վերահսկէին ինչպէս Ս. Մեսրոպի Արիներ սկաուտական խումբի անդամները, այնպէս ալ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները:

Այս գեղեցիկ տօնական օրը իր աւարտին հասաւ կէսօրուան ժամը 2:00ին, երբ բոլորը քիչ մը թէկուզ յոգնած, սակայն ուրախ սրտով վերադարձան իրենց տուները, այսպիսով Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան գիրկ անցընելով «Մեսրոպեան Օր-2008»-ը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ