Հալէպ
Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 3.30-ին զինեալ խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին կից գտնուող «Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ եկեղեցին, մեծ մասամբ քանդելով անոր կառոյցը։ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը։ «Կը դատապարտենք Հալէպի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը, որուն հետեւանքով լուրջ վնասներ արձանագրուեցան։ Սրբավայրերուն դէմ ոտնձգութիւնները անընդունելի են եւ ցոյց կու տան անոնց հեղինակներուն բարբարոսական եւ վայրագբնոյթը – ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է բազմապատկէ ջանքերը՝ կանխելու նման յանցագործութիւններ, բացառելու քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու եւ սրբավայրերու դէմ ոճրագործութիւնները»։ Իր կարգին Թեմին առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, որ այժմ Պէյրութ կը գտնուի, մեր կայքին նշեց թէ Աթոռանիստ եկեղեցին առայժմ անգործածելի դարձած է մեծապէս վնասուած ըլլալուն պատճառաւ: