Լիբանան
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութեան, Շաբաթ, 23 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գարնանային անդրանիկ աշակերտական ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ հաստատեց, թէ գեղանկարչութիւնը եւ ընդհանրապէս արուեստի բոլոր տեսակները մարդ արարածին հոգին կ’ազնուացնեն ու ներաշխարհը կը բիւրեղացնեն:
Պոյաճեան ըսաւ, թէ կրթական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան մշակուած է գեղանկարչութեան ու քանդակի բաժանմունք բանալու ծրագիրը, եւ հետագային երեք ամսուան աշխատանքներէ ետք արդէն կարելի եղաւ կազմակերպել այս ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքէն ետք տարիքային երեք բաժանմունքներով բաժնուեցան մրցանակներ: Ապա վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ու գեղանկարչական բաժնի պատասխանատու Վարդ Մեսրոպեան առաջին հանդիսացող աշակերտներուն յանձնեցին նիւթական պարգեւներ, իսկ մինչեւ Բ. եւ Գ. դիրքը գրաւողներուն՝ գրենական իրեր:
5-17 տարեկան աշակերտները գծած էին ծաղիկներ, անասուններ եւ բնութեան տարբեր տարրեր, որոնք գարնանային գոյներու գեղեցիկ համերաշխութեամբ գործերուն կու տային յատուկ փայլք: Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի այսօր եւս, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: