Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի 16 Մայիս 2010-ին, Անդրէաս եպիսկոպոս Պետողլեանի մահուան քառասունքին առթիւ, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան: Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, սուրբ Գրիգոր - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10.00-ին: Ներկայ էին հանգուցեալին պարագաները եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:
Արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ մէջ խօսք արտասանեցին մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ Ժան Պետողլեան:
Յիշենք, որ յատուկ գրքոյկ մը հանգուցեալ Պետողլեան եպիսկոպոսին մասին լոյս տեսաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական «Աւետիք» պաշտօնաթերթի յաւելուած թիւ 3, գործակցութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան: