Սիրելի՛ ընթերցող, սկսանք Մեծ պահքը, քառասնորդացը, աղուհացիցը, որ ամփոփումի, խոկումի, աղօթքի եւ ապաշխարանքի, ինչպէս ալ քաւումի, հատուցումի, ազատագրումի ու մաքրազտումի քառասնօրեայ ժամանակաշրջանն է:
Օրուան աւետարանը մեր Աստուածային Վարդապետին սրտէն ու մտքէն քաղուած խրատներ, թելադրանքներ ու հրահանգներ են, որոնք մեզի կը փոխանցուին առաջին աւետարանիչէն` Սուրբ Մատթէոսէն (Մտթ. 6, 1-21): Շատ կը խնդրեմ, որ կարդաս այս հատուածը, որպէսզի նմանինք մեր նախնիներուն, որոնք ամէն օր կամ ստէպ կը կարդային Ս. Գիրքը: Անոնց մէջ, օրինակի համար, Մեծն Վարդան Մամիկոնեան:
Իմ կարգիս, Յիսուսի կենսաբաշխ խօսքերէն կը համադրեմ յորդորներ, որոնք դառնալու են ուղեգիծը մեր անցնելիք եւ ապրելիք Մեծ պահքին: Անոնց հաւատարիմ գործադրումը կը փայլեցնէ մեր հոգին, կը զօրացնէ մեր կամքը, կը լուսաւորէ մեր միտքը, կը մաքրէ մեր բերանը, կը սանձէ մեր լեզուն, կ՛անդորրացնէ մեր ներաշխարհը եւ կը համեմէ մեր առօրեան:
Նախ` առաջնահերթօրէն պիտի թոյլատրես Աստուծոյ, որ քեզ առաջնորդէ, ձեւակերպէ ու բարեփոխէ: Քրիստոսի մասին կը կարդանք. «Յիսուս Սուրբ Հոգիէն անապատ առաջնորդուեցաւ… Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահեց» (Մտթ. 4, 1-2):
Երկրորդ` պիտի համոզուիս այս սուրբգրային ճշմարտութեան, թէ` «մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, այլ նաեւ` ամէն խօսքով, որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերանէն»: Ահա` Աստուածամարդէն ելած խօսքեր, որոնք «հոգի ու կեանք» կու տան հաւատացողին:
«Ողորմութիւն ըրէ՛ գաղտնաբար, եւ Հայրդ քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս»:
Պիտի՛ օգնես աղքատին, անկարին ու միայնակին` դրամով, նիւթականով, ժպիտով:
«Աղօթէ՛ առանց ցուցադրութեան ու շատախօսութեան, եւ Հայրդ գիտէ կարիքդ»:
Պիտի՛ աղօթես տան մէջ: Պիտի՛ աղօթես գործի ատեն: Պիտի՛ աղօթես փողոցին վրայ: Պիտի՛ աղօթես ժամանցի ժամանակ: Պիտի՛ աղօթես եկեղեցիին մէջ: Պիտի՛ մասնակցիս կիրակնօրեայ Սուրբ պատարագին:
«Եթէ դուն չներես մարդերուն, երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ քեզի` քու մեղքերդ»:
Պիտի՛ ներես բոլորին ու միջավայրէդ իւրաքանչիւրին, եւ այն` անպայմա՛ն ու մի՛շտ: Գիտցի՛ր, եթէ չներես, շատ հեռու ես Աստուածամարդէն, համարեա գործ չունիս Անոր հետ, որ օրինակով եւ խօսքով ներեց բոլորին ու յատկապէս զինք խաչողներուն:
«Ծոմ պահէ՛ ու պահք կատարէ՛ ծածուկ, եւ Հայրդ քեզ պիտի տեսնէ եւ վարձատրէ»:
Ծոմ պիտի՛ պահես յօժար կամքով եւ պահք պիտի՛ կատարես զուարթ սրտով: Աղուհացիցը պիտի՛ ապրիս հոգեկանութեամբ եւ ո՛չ` նիւթականութեամբ: Քառասնորդացը պիտի՛ անցընես հոգեմտաւոր դիտաւորութեամբ, եւ ո՛չ` ֆիզիքական նպատակով: Մեծ պահքը պիտի՛ ժուժկալես հոգիիդ օգուտին, եւ ո՛չ` մարմնիդ ձեւին…
«Ուր գանձդ է, հոն է նաեւ սիրտդ»: Յիսուսի եզրայանգումն է, զոր կը վերծանեմ այս գործնական առաջարկին ու կենցաղին` «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ» առլցուն:
Մեծ պահքը պիտի՛ անցընենք եւ ապրինք Աստուծոյ փառաբանութեան, Յիսուսի հետ փրկչակցութեան ու Մարիամի հետ վշտակցութեան, ինչպէս ալ քաւարանի հոգիներուն ազատութեան, մեր մեղքերուն քաւութեան, ուրիշներու մեղանչումներուն հատուցումին եւ մեղաւորներու դարձին համար:
Վերջապէս, մեր հոգիին հզօրացումին, սրտին մաքրութեան, եսին ազատագրութեան, կամքին դարբնումին, լեզուին կարճումին, կոկորդին զսպումին ու մարմնին առողջութեան համար: Հետեւաբար, Մեծ պահքն անցընե՛նք եւ ապրի՛նք աւելի ամփոփ, աւելի աղօթող, աւելի եղբայրասէր, աւելի օգնող ու աւելի լռասէր, ինչպէս ալ աւելի նուազ բամբասող, աւելի նուազ չարախօսող ու աւելի նուազ նախանձոտ առօրեայով:
Հոս, նպատակայարմար կը նկատեմ Սուրբ Պօղոսի` հռոմէացիներուն գրած նամակին թիւ 13 ու 14 գլուխներէն մէջբերումներ կատարել, որոնք առօրեային համար առօրեայէն առնուած ըլլալով հանդերձ, սուրբգրային իմաստութիւններն են մեր ամէնօրեայ ապրելակերպին թէ՛ մարդկայնացումին եւ թէ՛ աստուածայնացումին ի խնդիր:
«Պարտական մի՛ ըլլաք ոեւէ մէկուն, եթէ ո՛չ` փոխադարձ սիրոյն պարտքով, որովհետեւ ընկերասէրը լրիւ կը կատարէ Օրէնքը: Ընկերոջ սէրը չի վնասեր: Սէրը լման կատարումն է Օրէնքին»:
«Մերժե՛նք խաւարի գործերը եւ հագնի՛նք լոյսի զրահները: Ընթանա՛նք պարկեշտութեամբ, ինչպէս` օր ցերեկով, առանց անառակութեան, առանց արբեցութեամբ, առանց շնութեան, առանց զեխութեան, առանց կռիւի եւ առանց նախանձի»:
«Լեցուեցէ՛ք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Հոգիով եւ մի՛ խնամէք մարմինը` անոր ցանկութիւնները գոհացնելու համար»:
«Սիրով ընդունեցէ՛ք հաւատքով տկարը` առանց քննադատելու անոր խղճահարութիւնները: Ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, եւ ծոմ պահողը թող չդատէ ուտողը»:
«Ուտողը Տիրոջ համար կ՛ուտէ, քանի Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ: Ծոմ պահողը Տիրոջ համար կը պահէ եւ Անոր գոհութիւն կը յայտնէ»:
«Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքնիր անձին մասին հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ: Ուրեմն, զիրար չդատենք: Եթէ եղբայրդ կը տրտմեցնես, եղբայրսիրութեամբ չես ընթանար»:
«Աստուծոյ արքայութիւնը արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն է Սուրբ Հոգիին մէջ: Այս Հոգիով Քրիստոսի ծառայողը հաճելի է Աստուծոյ եւ մարդերուն` գնահատելի»:
Այսպէս, թէ՛ Աստուածային Վարդապետէն եւ թէ՛ Առաքեալէն մեզի կը տրուի ամբողջական յայտագիր մը Մեծ պահքին, որուն իմաստուն եւ առաքինի գործադրումին համար յանձնուի՛նք Աստուածամօր, որ «Մայր սիրելի» է եւ «Կոյս հզօր»:
Այնճար
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ