Երկուշաբթի, 14 Յուլիս 2008 - Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի 25-Ամեակի Աւարտական Հանդէս

Լիբանան

 
Շաբաթ, 12 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ
 
2007-2008 տարեշրջանի աւարտականներու վկայականաց բաշխման յոբելենական հանդիսութիւնը՝ վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի:

Շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը, ապա օրուան հանդիսավար Արամ Գարատաղլեան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը՝ փոխանցելու իր խօսքը: Հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Կ. Գալուստ ողջունեց ներկաները, յատկապէս հանդիսութեան նախագահ Վարուժ Ներկիզեանը, որ միշտ եղած է անկեղծ՝ վարժարանին նկատմամբ իր ունեցած վերաբերումին մէջ: Ան յայտարարեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը յաջորդ վերամուտին իր նախակրթարանի աշակերտութեան առջեւ լայն պիտի բանայ դռները այն նորագոյն եւ արդի գրադարանին, որ պիտի կրէ Վարուժ Ներկիզեանի հանգուցեալ հօր՝ Աբրահամ Ներկիզեանի անունը:

«25-ամեայ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի առաքելութիւնն ու գլխաւոր նպատակը միշտ եղած է կերտել այնպիսի հայ սերունդներ, որոնք իրենց ձեռքին մէջ ունենան գիտութեան զէնքը՝ կեանքին մէջ ոտքի մնալու եւ ինքնավստահ պայքարելու համար», հաստատեց Կ. Գալուստ՝ աւելցնելով, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը լիբանանահայութեան կը խոստանայ ներկայացնել արուեստից ուսման լաւագոյնը եւ օրըստօրէ զարգանալով զարգացնել նաեւ շրջապատը՝ զայն մղելով միայն յառաջդիմութեան:

Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ անոնք մաս կը կազմեն բախտաւոր հունձքի մը, որովհետեւ իրենց վկայականները պիտի ստանան վարժարանի 25-ամեակի
 
յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց ստանալիք վկայականները ապահովաբար պիտի արտօնեն զիրենք նետուելու աշխատանքային տարբեր ասպարէզներ, ուր պիտի ըլլան ինքնավստահ եւ պիտի քալեն հաստատ քայլերով, ինչպէս նաեւ պիտի կարենան հեզասահ քայլերով ուղղուիլ դէպի համալսարանական ուսում:

Կ. Գալուստ իր խօսքը ուղղելով տարբեր արհեստներու տիրացած աւարտականներուն ըսաւ, թէ իրենց ձեռք ձգած գիտելիքները տեսականի կողքին նաեւ գործնական են, որոնք իրենց կ’արտօնեն ազատօրէն եւ ինքնավստահութեամբ նետուելու իրենց ունեցած մասնագիտութեանց գծով որեւէ աշխատանքի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչակազմին՝ հաստատելով, որ սոյն հանդէսը իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ զոհողութեան պտուղն է:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Մասիս Խաչերեան (հայերէն), Ժիւլի Պախոս (արաբերէն) եւ Ռոզալին Աղուորեան (անգլերէն): Անոնք հաստատեցին, թէ իրենց ստացած վկայականներով պիտի երթան համալրելու լաւագոյն մասնագէտներու խիտ շարքերը եւ խոստացան միշտ բարձր պահել Մեսրոպեան արհեստից վարժարանի անունը եւ պատիւը: Անոնք շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեցին ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան՝ իրենց համբերատար վերաբերումին եւ վաստակին համար:

Յոբելենական հանդիսութեան նախագահ Վարուժ Ներկիզեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, շեշտեց, որ պատկանելով Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի միջավայրին, իրենց մէջ միշտ վառ պիտի պահեն բարձրանալու ձգտումը եւ յաջողելու համար պէտք է յարատեւեն, չյուսահատին, իրենց ձեռքերով կերտեն իրենց ճակատագիրը, ցանկան, երազեն եւ վստահին Աստուծոյ միջամտութեան ու աղօթեն: Եզրափակելով իր խօսքը՝ ան յայտարարեց, թէ կը հիմնէ «Աբրահամ Ներկիզեան ֆոնտ»ը՝ իր հօր յիշատակին, ի նպաստ Մեսրոպեան վարժարանի կարօտեալ աշակերտներուն՝ տարեկան 50 հազար ամերիկեան տոլարով: Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Վարդան եպս. Աշգարեան: Ան հաստատեց, որ մեզ պահողը ցարդ մեր հաւատքն ու մեր լեզուն են եւ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն իրենց կեանքին ընթացքին պահելու հաւատքը եւ հայութեան նկատմամբ վստահութիւնը:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ոսկէ ապըրջան» վաւերագրական ճանաչողական ժապաւէնը՝ վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, հեղինակը՝ Վարդան Թաշճեան, նաեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Թրիփոլիի «Ֆայհա» եւ Համազգայինի «Գուսան» միացեալ երգչախումբերը՝ խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, ինչպէս նաեւ «Հայ պար» պարախումբը:

Հանդիսութեան աւարտին 93 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ