Կիրակի, 23 Յունուար 2011 - Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը այցելեց Հ. Կ. Պատրիարքարան

 

 

 

 

 

 

Պէյրութ

 

Կիրակի, 23 յունուար 2011, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյման այցելեց հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, լուսահոգի Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին վախճանումին առթիւ։

 

Ինչպէս նաեւ Լիբանանի մամլոյ նախարար Թարէք Մեթրի, յոյն ուղղափառ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ Պէյրութի թեմի առաջնորդ մեթրոպոլիթ Իլէաս Աուտի, նախկին փոխ-վարչապետ Իսամ Ապու Ճամրա եւ երեսփոխան Ժորժ Գասարճի այցելեցին հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ։    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ