Զմմառ
Շաբաթ, 29 սեպտեմբեր 2012-ին, Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ընծայարանի ժառանգաւոր Էլի Հատտատ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարեց իր միաբանական խոստումը, ըլլալու հնազանդ իր մեծաւորներուն եւ շարունակելու իր ուսումները Աստուծոյ կամքով: Եղբայր Էլին, մէկ տարի փորձարական շրջանը աւարտելէ ետք, մեկնեցաւ Հռոմ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան, սկսելու համար համալսարանական իր իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները: