Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015 - Արհի. հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանի դամբանականը

 

 

 

Պէյրութ

 

Ստորեւ կու տանք Պատրիարքական Կառավարիչ արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանի արտասանած դամբանականը երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքի վախճանման առթիւ:

 

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը սգայ այսօր կորուստը իր հովուապետին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ։

Մեր հայրապետին անակնկալ ու տարաժամ մահը ցնցեց մեր համայնքը իր բոյոր տարրերով ու խաւերով։ Ոչ ոք, արդարեւ, կրնար երեւակայել թէ ան, օր մը աոաջ յետ հանդիսապետելու պաշտօնական սուրր Պատարագի մը եւ երկարաշունչ պատգամ մը ուղղելու, մեր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, եւ ապա, յաջորդ առաւօտ կսւնուխ, ըստ, իր քահանայական անբեկանելի սովորութեան, իր սռօրեայ սուրր Պատարագը մատուցանելէն անմիջապէս ետք, իր հոգին պիտի յանձնէր իր երկնաւոր Հօր ձեոքը, խաղաղ կերպով, լուռ ու անվրդով, կրնանք ըսել՝ տառացիօրէն՛ արդարի մահով կնքելով իր քահանայական յիսնամեայ կեանքը:

Լուսահոգի Հովուապետին բաժանումովը իր հօտէն, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը կորսնցնէ ոչ միայն քաջարի ու պարտաճանաչ Առաջնորդ մը, այլ նաեւ անձնուէր հայր մը եւ օրինակելի եկեղեցական մը, հաւատարիմ ծաոան իր աստուսւծային Վարդապետին, րարի օրինակ հանդիսանալով իր եպիսկոպոս եղբայրակիցներուն եւ քահանայ գործակիցներուն համար։

Երբ, տասնվեց տարիներ աոաջ, համակերպելով սիւնհոդոսական եղբայրներուն կամքին, ան կ'ընդունէր ծանրակշիռ պարտականութիւնը կաթողիկոսական պաշտօնին, լաւ գիտէր թէ ինչպիսի ծանր պատասխանատուութիւն մր կը դրուէր իր ուսեերուն վրայ։ Սակայն, շնորհիւ իր ամրապինդ հաւատքին եւ անվերապահ վստահութեան աստուածային նախախնամութեան, կ'ընդունէր ծանր բեոը եւ անյապաղ կը լծուէր հովուական աշխատանքի։

Լուսահոգի Հայրապետին առաջին գործը եղաւ վերակագմակերպել եւ վերաշխուժացնել համայնքային կաոոյցները, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով աշխարհական դասակարգի գործօն եւ հետեւողական մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան։ Ապա, հետապնդելով  պատրիարքական Յաձնախումբերու կագմերու նորոգումը, ըստ կանոնական օրէնքներուն, ոյժ տուաւ ծիսական, հովուական, միջ-եկեղեցական, քրիստոնէականի ուսուցման հաղորդակցան, կոչումներու եւ այլ եկեղեցական գործունէութիւններուն։ Աոանց ժամանակ կորսնցնելու, եւ կենսական համարելով եղբայրական ներդաշնակ յարաբերութիւներն ու անկեղծ համագործակցութիւնը բոլոր յարանուանութիւներուն հետ, ջանք չխնայեց անոնց հետ մնայուն եւ սերտ կապ պահելու համար, ըլլայ հոգեւոր թէ ազգային մարզերու մէջ։ Համոզուած էր թէ մեր ժողովուրդին գերագոյն բարիքը կր պահանջէ որ անոր Առաջնորդները ձեոք ձեոքի տան, մանաւանդ երբ Ագգին վերարերեալ վճռական հարցեր կան որ կը պահանջեն անտեսել հատուածական մտայնութիւնները ի մտի ունենալով մի միայն Ագգին գերագոյն բարիքը: Ասոր համար, ան սռիթը չէ փախցուցած հաղորդակցելու մանաւանդ քոյր Եկեղեցիներու նուիրապետական Աթոռներուն հետ, ամէն պատեհ առիթով, գրաւոր հաղորդակցութեսւմբ թէ անձնական կամ պաշտօնական հանդիպումներով: Հանգուցեալ Հայրապետին մասին խօսելով, կարելի չէ զանց ընել երախտագիտութեամբ յիշելու եւ լոյսի տակ աոնելու անոր արժանիքները, յայտնաբերուած իր երկարամեայ քահանայական եւ նուիրապետական կեանքին ընթացքին:

Ան, ամէնէն աւելի եւ ամէն բանԷ վեր, հոգեւոր կեանքի մարդ Էր։ Լիուլի համոզուած Էր որ քահանան նախ եւ աոաջ Աստուծոյ մարդն Է։ Աղօթքի կեանքը անհարաժեշտ կը սեպէր եկեղեցականի մը գործունԷութիւնը շնորհաբեր եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

Հոգեւոր Տէրը անվերապահ ջատագովն ու կիրարկողն էր օրէնքներու, կապուած մանաւանդ օրէնքի հոգիին: խորապէս կաոչած էր, ոմանց կողմէ ծայրայեղ դատուելու աստիճան, օրէնքի հաւատարիմ գործադրութեան, եւ ստէպ կր դիմէր օրէնքի աղբիւրներուն, իր տեսակէտներն ու դիրքաւորումները հիմնաւորելու համար:

Երջանկայիշատակ Հովաապետը կր ճանչնար ծէսին ու ծիսական կեանքին կենսական դերը Աստուծոյ ժողովուրդին սրբացման եւ հոգեւոր փրկութեան գործին մէջ։ Չգոհանալով երբեմն պատրիարքական յատուկ Յանձնախումբին կատարած սւշխատանքով, ստէպ, նախաձեռնութիւներ կ'առնէր օժանդակելու համար անոր: Իբ քաջալերանքով ու հետեւողական ջանքերով կատարուեցաւ վերատեսումն  ու վերահրատարակումը սուրբ Պատարագի խորհրդատետրին, Մաշտոցին եւ այլ ծիսամատեաններու։ Զարկ տուաւ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան վերատեսումի եւ հրատարակումի նախաձեռնութեան:

Հոգեւոր Տէրը կը յատկանշուէր իր յամառ աշխատողի նկարագրով։ իր աշխատանքի ժամերը չէին սահմանուէր սովորական աշխատողի մը պահերով, ստէպ երկարելով մինչեւ ուշ գիշեր։ Չէր հանդուժէր որ որեւէ ծրագրուած աշխատանք մնար կիսաւարտ։ Իր անմիջական գործակիցները անբաժին չէին մնար իր գործելու ծայրայեղ եռանդէն։ Արդար է յիշել հոս, պատմութեան համար, իր նախաձեոնութեամբ իրականացած ծրագիրները, յատկապէս այս վերջին տարիներու ընթացքին։

Իբր Հովիւ եւ Դաստիարակ իր հօտին, ան հրատարակեց բազմաթիւ հովուական թուղթեր, որոնցմէ հարկ է յիշատակել յատկապէս Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակը, Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակը եւ 100 ամեակը, քրիստոնէական Դաստիարակութիւնն ու քրիստոնեայ Վարժարանին առաքելութիւնը, Նոր Աւետարանումի Տարին, եւ այլն։

Անխոնջ ճանապարհորդող, ի հեճուկս իր աոողջական աննպաստ պայմաններուն, ան անհրաժեշտ սեպեց հովուական սւյցելութիւններով խրախուսել եւ յուսադրել իր հօտը ամենահեռաւոր գաղութներու մէջ։ Չանաց հովիւներով օժտել համայնքիս կարգ մը աոաքելավայրերը որոնք երկար ատեն զուրկ մնացած էին հոգեւոր առաջնորդներէ։

Իր առաքելական եռանդին պսակումը եղաւ սակայն, այս վերջին տարուայ ընթացքին իր բազմամեայ զոյգ երազին իրականացումը. հոչակումը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի իբր վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ պատմական սուրբ Պատարագը զոր մատոյց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, եւ որու ընթացքին ան բարձրաղաղակ դատապարտեց Օսմանեան պետութեան ահաւոր ոճիրը, արտասանելով համայն հայութեան կողմէ սպասուած  բառը. «Առաջին ցեղասպանութիւն քսաներորդ դարու»։ Այս գոյդ եղելութիւնները, որոնք տարիներու յամառ եւ համբերատար աշխատանքի արդիւնքն էին Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, գլխաւորութեամբ երանաշնորհ Հայրապետին, իր վերջին մխիթարութիւնն եղան նախ քան յաւիտենականութեան մէջ իր մուտքը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մենք այս պահուս հրաժեշտ կու տանք եկեղեցականի մը։ Եկեղեցական մը անով միայն կ'արդարացնէ իր տիտղոսը՝ անվրէպ ու անվերապահ հետեւողն ըլլալով իր աստոււսծային Վարդապետին՝ որ ինքզինքը յորջորջեց «բարի Հովիւ»:

«Ես եմ բարի Հովիւը», ըսաւ ան եւ բնորոշելով| իր այդ հանգամանքը, ան թուեց անոր գլխաւոր յատկանիշը. «Բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ իը ոչխարներուն համար», ըսաւ։ «Բարի Հովիւը իր հօտին առջեւէն կը քալէ», զայն կ'ուղղէ եւ կ'աոաջնորդէ Սիրոյ եւ Ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ: Ան պատրաստ է նոյնիսկ զոհուելու իր ոչխարներուն կեանքը ապահովելու համար:

Չենք վարանիր ըսելու թէ մեր երջանկայիշատակ հայրապետը ճշմարտապէս Բարի Հովիւ եղաւ իր հօտին համար։ Մինչեւ իր վերջին շունչը, դիմագրագելով ամէն տեսակ դժուարութիւներ, պահ մը իսկ  չխորհեցաւ լքել իր հօտը եւ պատասխանատուութիւնը։ Հակառակ բժիշկներուն  զգուշացումներուն, ան պատարագեց, քարոզեց, գրեց, ճամբորդեց, ժողովներ գումարեց, մինչեւ որ իր ոյժերը լքեցին զինքը: Տոկաց քաջաբար, պայքարեցաւ աոանց յուսալքուելու, եւ իր հոգին յանձնեց իր Տիրոջ պատնէշի վրայ: Անոր խաղաղ դէմքը այս դագաղին մէջ, ապացոյցն է թէ ան հանգիստ սրտով մեկնեցաւ այս աշխարհէն, վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, որ գիտէ ճանչնալ իրենները եւ արժանապէս հատուցանել զանոնք։

Մեկնեցսււ Աստուծոյ, մարդը, աղօթքի մարդը, ծաոայութեան մարդը, ժողովուրդին մարդը։ Թող ան, երկինքէն, շարունակէ գուրգուրայ իր Եկեղեցիին եւ իր հօտին վրայ, եւ բարեխօս հանդիսանայ անոնց համար իր երկնաւոր Հօր մօտ։

Մեր երախտագիտութիւնը կ'ուղղենք մեր, ամենախնամ Տիրոջ, որ պարգեւեց, մեղի այս համեստ, բայց բոլորանուէր եկեղեցականը, հովուելու համար ցհեղումն արեան իր հօտը, որովհետեւ իրապէս իր կեանքը տուաւ, կարենալու համար միջնորդ ըլլալ երկնաւոր Հովիւին մօտ:

Թող, իրենց կարգին, բարեխօս ըլլան Տիրոջ մօտ, Զմմառու սիրազեղ Մայրը, Երանելի Իգնադիոս Մալոյեանը, եւ մանաւանդ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որոնց հանդէպ այնքան խորունկ ու անկեղծ սիրով սնուցած էր իր հոգին»:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ