Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2011 - Հանդիպում «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն՝ Սեւան Գապաքեանին հետ, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ


Պուրճ Համուտ

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապաքեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստին եւ արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեանի հետ հանդիպում-զրոյցէն յետոյ, Սեւան Գապաքեան «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ։
Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կ. Թաշճեան ներկայացուց հիւրը եւ խօսեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամին մասին, որ հիմնադրուած է 2004 թուականին։ «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը, որուն հիմնական ծրագիրն ու գործունէութիւնը կը կեդրոնանայ հայրենասիրութեան վրայ»։ Ապա շարունակելով մէջբերեաւ Սեւան Գապաքեանի՝ առիթով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Սէյրան Օհանեանի հետ հանդիպման մը ընթացքին ըսած հետեւեալ խօսքը, թէ. «Երիտասարդներուն հետ նմանատիպ հանդիպումները շատ կարեւոր են հիմնադրիամին համար, քանի որ անոնց նպատակը երիտասարդ սփիւռքահայութեան մէջ հայրենասիրութիւն դաստիարակելն է»։ Այնուհետեւ Կ. Թաշճեան Սեւան Գապաքեանի մասին որոշ կենսագրական տուեալներ փոխանցելէ յետոյ, խօսափողը փոխանցեց հիւրին։
Սեւան Գապաքեան խօսեցաւ ոչ աւելի, քան 45 վայրեաններ, սակայն խօսեցաւ հարազատօրէն եւ մտերմիկ ձեւով, ներկայացնելով «Դէպի Հայք» հիմնադրամը ներկաներուն, յատուկ պատրաստուած փաուըր փոյնթ ցուցադրութեան մը շնորհիւ շատ աւելի հաճելի դարձնելով հանդիպումը։ Ցուցադրութիւնը առիթը տուաւ ծանօթանալու հիմնադրամի աշխարհատարած երկիրներէ Հայաստան այցելած բոլոր կամաւորներուն հետ, մինչեւ իսկ յիշատակելով անոնց անունները եւ թէ ո՞ր երկրէն կու գա¬յին անոնք, ինչպէս նաեւ ցուցադրութեան շնորհիւ կարելի եղաւ տեսնել անոնց վարած աշխատանքները եւ ծառայութիւնները հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք հիւրընկալած հայրենի ընտանիքներն ու ընդհանրապէս՝ հիմնադրամը եւ իր աշխատանքները սկսեալ հիմնադրութեան օրէն։
Հանդիպուման աւարտին, աշակերտութեան առիթ տրուեցաւ իրենց հետաքրքրող հարցերով դիմել հիմնադրամի տնօրէնին։ Սեւան Գապաքեան մեծագոյն սիրով պատասխանեց եւ մանրամասն տեղեկութիւնները փոխանցեց աշակերտութեան։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ