Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2012 - Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութիւն


Պէյրութ

Հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Հ. դեսպանատունը կազմակերպեց ընթրիք հիւրասիրութիւն մը, Պէյրութի «Ֆէնիսիա» պանդոկին մէջ: ՀՀ Դեսպան Քոչարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան տարիներուն արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ան ներկայացուց Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններ եւ ներկայ մարտահրաւէրները: Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը` կարեւորելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրների միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: ՀՀ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայկական բոլոր կազմակերպություններուն ու կառոյցներուն, անոնց ազգանուէր գործունէութեան, աջակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար եւ ան ըսաւ. «Այսօր դուք կը սատարէք Հայրենիքին ձեր գիտելիքներով ու կարողութիւններով, գաղափարներով եւ ներդրումներով, կը ստանաք Հայաստանի քաղաքացիութիւն, կը շարունակէք նաեւ նպաստել բարեկամ Լիբանանի զարգացմանը եւ, ի հարկէ, հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերություններու խորացմանը»:

Ընդունելութեան ներկայ էին նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, Լիբանանի նախագահի եւ վարչապետի խորհրդականներ, օտար դեսպաններ, քաղաքական կուսակցություններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցների ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպություններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Իսկ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մասնակցեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած այս ընդունելութեան:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ