Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2013 - Վարուժ Ներկիզեանի Պարգեւատրում Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն` Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի շքանշանով

Պէյրութ

Կիրակի 31 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պէյրութի կեդրոնի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը պարգեւատրեց Տիար Վարուժ Ներկիզեանը, «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»-ի կարգով, որ իրեն շնորհուած էր վաստակաւոր քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի կողմէն, 2012-ի նոյեմբերի 24-ին, այնօրուան Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Թարչիզիօ Պերդոնէի միջոցաւ:

Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգը, հիմնուած համանուն քահանայապետէն 1831-ին, առաջին կարգի պատիւը կ'ընծայէ անոր որ Եկեղեցւոյ ի նպաստ կատարուած բացառիկ ծառայութիւններ կատարած է, եւ հետեւաբար անոր կը տրուին յատուկ առանձնաշնորհումներ, ըստ վատիկանեան դիւանագիտական արարողութեանց ուղեցոյցին:

Մէկ ժամ տեւած արարողութեան մասնակցեցան Ներկիզեան ընտանիքը, ազգականներ, լիբանանեան եւ հայ հասարակութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով բարեկամներ:
Յատուկօրէն հրաւիրուած էր ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. վեհափառը, որ ողջոյնի գիրով մը փոխանցած էր իր մաղթանքները: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառը ներկայացուած էր յանձին գերաշնորհ Կորիւն սրբազան Պապեանի: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի բարեջան առաջնորդ գերաշնորհ Գեղամ սրբազան Խաչերեան: Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչն էր վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսդեան: Պետական անձնաւորութիւններէն ներկայ էին հրաժարեալ պետութեան նախարարներ Վրեժ Սապունճեան եւ Սալիմ Ժրէյսադի եւ պետական այլ անձնաւորութիւններ ու ներկայացուցիչներ:

Եկեղեցական արարողութինը կը նախագահէր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, առընթերակայութեամբ երկու քահանաներու: Արարողապետն էր տեղւոյն օգնական ժողովրդապետ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան: Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը կը ղեկավարէր դոկտ. Էտի Թորիքեան:
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ պատրիարքական թափօրով եւ Հրաշափառով, որմէ ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը արտասանեց օրուան յատուկ աղօթքը: Ապա կատարուեցան աստուածաշնչային ընթերցումներ Հին ու Նոր Կտակարաններէն: Սուրբ Աւետարանը երգելով հռչակեց նորօծ վարդապետ՝ հայր Ղազար Պետրոսեանը, որմէ ետք թափօրաբար բերին շքանշանը եւ ընկերացող կոնթակն ու համապատասխան դիւանագիտական արարողութեան գիրքը. անմիջապէս ետքը յաւուր պատշաճի խնդրանքներ բարձրացան առ Աստուած: Այս խնդրանքները կարդաց Տիկին Ճոյ Ներկիզեան:

Այնուհետեւ կարդացուեցան Գարեգին Բ. վեհափառ հօր հեռագիր մաղթանքը, ապա Հայաստանի արտագին գործերու նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի մաղթանքը: Զոյգ պատգամները կարդաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ գերյարգելի հայր Գէորգ ծայռագոյն վարդապետ Եղիայեան: Ապա
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ յիշեց շքանղանին ու տուեալ անձին արժէքները: Ահա Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ խօսքը.


«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր, Հոգեշնորհ Սրբազան Հայրեր,
Վերապատուելի, Գերյարգելի, Գերապատիւ, Արժանապատիւ հայրեր,
եւ Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ,
Լիբանանեան պետական եւ ազգային անձնաւորութիւններ, եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ,
Պատուարժան Ներկիզեան  ընտանիքի հարազատներ եւ պատուական հիւրեր, 

Այսօր ուրախութեամբ համախմբուած ենք մեծարելու համար անձ մը, որ հաւաքականութեան մէջ ունի իր իւրայատուկ դրոշմը եւ ներդրումը:
Այդ անձնաւորութիւնը` տիար Վարուժ Ներկիզեանը խորհրդանիշն է աշխատասիրութեան, որ հակառակ ընտանեկան նեղ պայմաններուն, ընտանիքի անդամներուն հետ միասին, եւ ճիգերու մէկտեղումով յաջողեցաւ յաղթահարելու բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: Ան համալսարանական բարձրագոյն ուսումի, ինքնազարգացումի եւ հետեւողական ճիգերու շնորհիւ նուաճեցաւ բարձր դիրքեր, ի մասնաւորի դրամատնային աշխարհին, եւ հայկական բնագաւառին մէջ:
Վարուժ Ներկիզեան ամբողջական իմաստով հայ հայր մը եղած է, որուն համար մարտահրաւէր է, համընթաց  իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ Նիրվայի, պահպանել իր զաւակներուն հայեցի դիմագիծը եւ ազգային, մարդկային ու հոգեւոր պատկանելիութիւնն ու արժէքները:
Իր երեք զաւակները՝ Արամը, Հայկը եւ Ալեքսը, իրենց հօրը եւ մօրը շունչով դաստիարակուած, արդէն իսկ կը պատրաստուին անոնց ազգանուէր ու համայնքասէր ուղիին հետեւելու:
Շինարար իր շրջագայութեան մէջ, Շարժայի մէջ Տիար Ներկիզեան շինած է Հայաստանի դեսպանատուն, աշխատած է հայութիւնը համախմբելու,  գաղութը կազմակերպելու եւ ան մեծապէս մտահոգուած է գալիք սերունդով: Հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելով, կառուցած է եկեղեցի մը եւ օգտակար դարձած է կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ ան յաջողած է հիմնել լիբանան-ֆրանքոֆոն վարժարան մը:
Հայ աշակերտը Վարուժ Ներկիզեանին համար շունչ եւ եռանդ տուող ազդակ է: Հայ աշակերտով ան կը սնանի ու կը գոյատեւէ: Հայ աշակերտը իր հոգեկան գոհունակութեան աղբիւրն է եւ ապագայի նշոյլներ փոխանցող ցուցանիշը: Ասոր ապացոյցը՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին հետ, իր ունեցած բազմամեայ գործակցութիւնն է, որ ե՛ւ նիւթական է ե՛ւ բարոյական:
Այս յարաբերութիւնը սկիզբ առաւ իր հօր յիշատակին հաստատուած □Աբրահամ Ներկիզեան□ գրադարանի ստեղծումով, ապա իր մօր նուիրուած □Ալիս Ներկիզեան□ մանկամսուրի կայացումով: Զոյգ նախաձեռնութիւններուն մէջ ակնյայտ է ծնողք մեծարելու երեւոյթը, քանի  զոյգ կառոյցներն ալ չեն կրեր Վարուժին անունը, եւ այս միջոցառումով մեր մեծարեալը թէ՛ կը յաւերժացնէ իր ծնողներուն անունները եւ թէ՛ հրապարակաւ կը յայտնէ իր ծնողքին նկատմամբ, իր երախտագիտութիւնը: Այստեղ նիւթը չէ որ կը տիրէ: Հոս տիրողը՝ դաստիարակութիւնն է, սիրոյ զգացումի արտայայտութիւնն է, եւ ծնողքին նկատմամբ յարգանք մատուցելն է:

Շքանշանները բարերարին համար, պարզապէս խթան հանդիսացած են, յաւելեալ թափով եւ պատասխանատուութեամբ շարունակելու երթը: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ այլ կառոյցներու կողմէ տրուած շքանշանները ենթակային համար դարձան պարզապէս իր գործունէութեան հաստատագիրներ եւ ո՛չ մէկ ձեւով պատճառ դարձան, որ ենթական ունենայ գերակայութեան զգացումն ու մօտեցումը:

Պէտք է հաստատեմ, որ Վարուժ Ներկիզեանը Մեսրոպեանի նորօրեայ շրջանի կնքահայրն է, որ իր մնայուն բարերարութեամբ, բարոյական զօրակցութեամբ եւ գործակցութեամբ, նեցուկ կը կանգնի վարժարանին: Այս ծիրին մէջ վերջին ցայտուն օրինակը անցնող տարուան ընթացքին, Տուպայի մէջ կայացած Մեսրոպեանի նուիրուած ճաշկերոյթն է:
Այո՛, Վարուժ Ներկիզեանը մեր իրականութեան մէջ տիպար է, եւ զինք պարգեւատրել՝ կը նշանակէ գնահատել բարին ու մարդկայինը, հոգեւորն ու ազգայինը: Այսօր, Ներկիզեանին ընդմէջէն, իւրաքանչիւր ծառայասէր հայը պարգեւատրուած է:
Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս Տասնվեցերորդ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, մեր առաջարկութեամբ տրուելիք Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական շքանշանը թո՛ղ սկիզբը հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ իրագործումներու` յաւելեալ կորովով շարունակելու հոգեւոր, ազգային եւ մարդկային նուիրական առաքելութիւնը:
Վարձքը կատար մեծ բարերարին եւ նուիրեալին»:

Ապա հայր Հրայր Զահթէրեան կարդաց շքանշանի տուուչութեան  կոնդակը, որմէ ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատուեց Վարուժ Ներկիզեանը անոր կուրծքին վրայ զետեղելով Մեծն Սուրբ Գրիգորի նշանը, որով պարոն Ներկիզեան դարձաւ Ասպետ յիշեալ կարգին:

Այս ընթացքին արտասանուած բոլոր խօսքերը վեր առին յստակօրէն պատուարժան Վարուժան Ներկիզեանին արժանիգները, եւ յայտնեցին հանրային կերպով արդէն շատերուն ծանօթ անոր ծառայասէր հայու հոգին:

Հուսկ խօսք առաւ պարգեւատրեալ տիար Վարուժ Ներկիզեան եւ մեծ յուզումով նշեց թէ այնքան պատիւի արժանացած ու շքանշաններ ստացած է, սակայն այս մէկը իր սրտին խօսող յատուկ յարգանք կը վայելէ: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր միջոցաւ հրաժարեալ Սրբազան Քահանայապետին, որ զինք արժանի նկատեցին այս պարգեւատրման: Արարողութեան աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Տէրունական աղօթքէն առաջ արտասանեց «պահպանիչ»ը, եւ օրհնեց ներկաները սուրբ Հոգիին շնորքներով մեկնելու եկեղեցիէն:

Այս առթիւ պատրաստուած էին յատուկ գրքոյկներ, որ կը պարունակէր ամբողջ արարողութիւնը, հայերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեալին կենսագրականը: Այս կենսագրականէն կը նշենք թէ Վարուժ Ներկիզիան ծնած է Պէյրութ 1953-ին, իր ուսումը կատարած է Լիբանանի Յիսուսեան հայրերու Ժամհուր դպրոցին մէջ, ապա Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ ստացած է տնտեսագիտութեան բարձրագոյն վկայականը: 1992-ին նշանակուած է Պանք օֆ Շարժայի տնօրէն: 2008-ին Լիբանանի մէջ հաստատած է Էմիրեյթս Լեպանոն Պանքը, որուն նախագահի եւ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ այսօր: Ամուսնացած է Նիրվա Պիլորեանի հետ եւ հայր է երեք զաւակներու՝ Արամ, Հայկ եւ Ալեքս:

Հետ արարողութեան տեղի ունեցած շքեղ ընթրիքին ընթացքին, Ֆենիսիա պանթոկի սրահին մէջ, Արամ իր անդրանիկ զաւակը երբ խօսք առաւ պատուելու համար «Վարուժ»-ը ինչպէս ինք կը նախընտրէ կոչել իր հայրը, վեր առաւ պարգեւատրեալ հօր ամենաազնիւ մէկ յատկութիւններէն մէկը, եւ այն ալ տան մէջ գործակցութեան եւ խմբային աշխատանքի հոգին էր ըսաւ ան:

Հանդէսին խօսք առաւ նաեւ պարգեւատրեալ Վարուժին մանկութենէն ի վեր բարեկամ պարոն Գրիգոր Թերզեան,  որ յիշեց սկաուտական նշաններու պատկերին ընդմէջէն Ներկիզեանի սկաուտական խոստումին հաւատարիմ խմբապետական հոգին: Պարոն Թերզեան նշեց նաեւ Վարուժին մօր՝ տիկին Ալիսին մեծ դերն ու կարեւոր մասնակցութիւնը պարգեւատրեալին կեանքին բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Պատուած ենք բոլորս ըսաւ Թերզեան, այս շքանշանով, որ վարձատրութիւն մըն է ամբողջ օրինակելի կեանքի ընթացքի մը՝ ի սպաս բարի եւ գեղեցիկ ծրագիրներու:

Երեկոյեան անակնկալի բաժինը վերապահած էր Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստը, որ իր երախտագիտական խօսքին ու շնորհակալ զգացումներուն որպէս ապացոյց նուիրեց պարգեւատրեալին Մեծն Սուրբ Գրիգորի կարգին շքանշանին կապուած յատուկ սուրը, որ ան պիտի կրէր որպէս խորհրդանշան՝ պաշտպանելու համար Եկեղեցին եւ կարիքաւորը, այնքան ատեն որ Ամենաբարին Աստուած կեանք տար անոր: Այս առթիւ Գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան արաբերէնով իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իր անձնական ծանօթութեան մասին պարոն Վարուժ Ներկիզիեանի հետ, գնահատելով անոր կորովն ու խանդը յաջողելու կեանքի ասպարէզին մէջ։ Հայր Եղիայեան նաեւ նշեց անոր քրիստոնեայ եւ հայեցի դիմագիծը, որուն միջոցաւ կրցաւ կերտել իր անձնականութիւնը եւ պաշարը մեծ նուիրումով եւ հոգիով։ Վերջապէս ան մաղթեց, որ պարոն Վարուժան նուիրումի օրինակ դառնայ բոլորին համար, խնդրելով Աստուծմէ որ անոր շնորհէ առողջութիւն եւ ալ աւելի յաջողութիւն իր ընտանեկան եւ հասարակական կեանքէն ներս։
Արժանի է շքանշանի այս վեհանձն ու պարզ հոգիով հարազատ քրիստոնեայ հայորդին: Ինք շքանշան մըն է ազգին կուրծին վրայ փայլուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ