Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2010 - Նոր ուխտեալ քոյրեր`Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մէջ


Զմմառ

 

Հինգշաբթի
, 9 դեկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու վանատան եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ Կոյս Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։ Պատարագի ընթացքին, քոյր Նաթալի Շեմլէթեան կատարեց իր մի մշտնջենաւոր ուխտերը դառնալով անդամ քոյր Անարատ Յղութեան միաբանութեան, իսկ քոյր Յասմիկ Այնթապեան կատարեց իր ժամանակաւոր ուխտերը։ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, գերապայծառ տիարք, Անարատ Յղութեան քոյրերը, նոր ուխտեալ երկու քոյրերը իրենց ծնողներով ընդունեցին շնորհաւորութիւնները վանատան դահլիճին մէջ։

Կէսօրուան ժամը 1-ին, վանատան սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ ներկայութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, եկեղեցական դասին, լիբանանաբնակ Անարատ Յղութեան քոյրերուն եւ նոր ուխտեալ քոյրերու ծնողներուն։ Այս ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը նախ շնորհաւորեց Անարատ Յղութեան տօնը, որովհետեւ քոյրերուն միաբանութեան անուանակոչութիւնն է, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց նոր ուխտեալ երկու քոյրերը մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն իրենց կոչումին մէջ։

Այս առիթով, կայքէջին տնօրէնութիւնը իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ երկու նոր ուխտեալ քոյրերուն եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ