Պէյրութ, Լիբանան
Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի Աշրաֆիէի մասնաճիւղը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս, Կիրակի 15 Յուլիս 2007ին նշեց իր հիմնադրութեան 22-րդ տարեդեարձը: 22 տարիներ շարունակ ստանցնած է առաքելութիւնը դաստիարակելու սերունդներ որոնք հաւատացած են մարդկային եղբայրութեան եւ մարդասիրական սկզբունքներուն:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի օրհնութեան աղօթքով: Ապա ջահակիրներու եւ պատանիներու մուտքին եւ երեք քայլերգներու ունկնդրոիթեան յաջորդեց ընկ. Մհեր Գալէնտէրեանի՝ ընդհանուր հրամանատար Հ.Կ.Մ. պատանեկան Աշրաիէի մասնաճիւղի բացման խօսքը: Ան յիշեց թէ Հ.Կ.Մ. պատանեկանը 22 տարիներ շարունակ գոյատեւած ու պայքարած է կերտելով ապագայ առաջնորդներ օժտուած փորձառութեամբ եւ 21-րդ դարու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարողութեամբ, շարունակելով պահել յարգանքն ու պատիւը որ վայելած է անցնող 22 տարիներուն:
Ապա մթնոլորտը ճոխացուց «Escape» նուագախումբը, հրամցնելով հանդիսատէսին տարբեր լեզուներով խանդավառ երգեր: Հայերէն երգերով հանդէս եկաւ նաեւ ընկ. Վարդան Ազնաւուրեան:
Այս մտերնիկ հանդիսութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընկերակցութեամբ այս մասնաճիւղի նախկին եւ ներկայ հոգեւոր վարիչներուն՝ Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանի, Հայր Միքայէլ Ծ.Վ. Մուրատեանի ,Հայր Նարեկ Վ. Լուիսեանի ինչպէս Տէր Կարապետ Թադէոսեանի եւ ընկ. Մհեր Գալէնտէրեանի հետ միասնաբար կտրեցին օրուան կարկանդակը: