Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2015 - Հայր Վարագ կը մեկնի դէպի նոր առաքելութիւն

 

Պէյրութ

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, դիւան թիւ 37/15 նամակով, 13 փետրուար 2015-ին անուանեց գերապատիւ հայր Վարագ վարդապետ Պէրպէրեանը՝ Զմմառու Միաբան, Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան ծառայութեան, զինքը դնելով Արհիապատիւ Առաջնորդ հայր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի տրամադրութեան տակ:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յիշէ իր նամակին մէջ նաեւ թէ «Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութիւնը կը կազմէ մեր Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան մեծագոյն վիճակը, եւ անոր ծառայելը՝ դժուարութիւններով հանդերձ, աստուածային մխիթարութիւններուն լիառատ աղբիւր է: Ան կը պահանջէ նկարագրի ճկունութիւն, խոհեմ վերապահութիւն եւ յարաճուն եռանդ՝ ամէն ինչ Արհիապատիւ Առաջնորդին ցուցմունքներուն համաձայն: Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝  տիպար օրինակ նոր առաքելութեանդ» կը գրէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:

 

Նշենք նաեւ թէ հայր Վարագ ծնած է 1979-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած է Ամման 2 յուլիս 2010-ին:

 

Կայքիս տնօրէնութիւնը բարի առաքելութիւն կը մաղթէ հայր Վարագին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ