Վատիկան
1 նոյեմբերին` Ամենայն Սրբոց տօնին առիթով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը իր յղած պատգամին մէջ, վերահաստատեց սրբութեան ընդհանրական կոչը։
«Սիրելի երիտասարդներ, ձեր ձգտումը դէպի երջանկութիւն կ'իրականանայ աւետարանական երանութիւններուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իր խօսքը յատուկօրէն ուղղելով երիտասարդներուն, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։
Ան ուղղուեցաւ նաեւ հիւանդներուն եւ նոր պսակեալներուն ըսելով. «Սիրելի հիւանդներ, խաչը որ կը կրէք Քրիստոսի հետ, ձեզ կը սրբացնէ սիրոյ մէջ։ Իսկ դու՛ք սիրելի նոր պսակեալներ, գիտցէ՛ք տրամադրել աղօթքին յարմար տեղ մը, որպէսզի ձեր ամուսնական կեանքը սրբութեան ճանապարհ ըլլայ»։