Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2007 - Գիւտ Նշխարաց Տօնը Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

 

 
Պոլիս, Թուրքիա
 

Կիրակի, 24 Յունիս 2007ին, «Հրաշափառ Աստուած» շարականով սկսաւ Ս. Պատարագը, Պոլսոյ Օրթագիւղի շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր կերպով յիշատակելու Սուրբ Հօր՝  Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու Գիւտին տօնը:

Օրուան Պատարագի հովանաւորն էր Առաջնորդ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝  Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան իսկ հանդիսապետն էր Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան: Ան իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեակներուն հետեւեալ մաղթանքով. «Թող Ամենաբարին Աստուած թոյլ չտայ որ հայ ազգը ի սպառ օտարանայ եւ հեռանայ նախնեաց Քրիստոսաւանդ հաւատքէն եւ փնտռէ իր յենարանը ոչ թէ ճշմարիտ եկեղեցւոյ մէջ, որուն օր մը ամբողջութեամբ պատկանած է, այլ նոր աղանդներուն կամ ուրիշ մարդկային յարափոփոխ կազմակերպութիւններուն մէջ»:

Նոյն օրը յատուկ այցելութեամբ Հռոմէն ժամանեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան  ընդհանուր մեծաւորուհիին փոխանորդ՝ Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան, որ Պոլիս եղող քոյրերուն հետ ինքն ալ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին:

Երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Պրն. Լեւոն Էրոյեանի:

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բարերար ընտանիքներուն ննջեցեալ հոգիներուն համար:

Ս. Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ թաղականները հաւատացեալները հրաւիրեցին ճաշարան, ուր բոլորը ճաշեցին սիրոյ սեղանէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ