Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 - 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի զինանշանը Պրազիլի դրօշակի գոյներով


Հռոմ

Յուլիս 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին զինանշանը պաշտօնապէս յայտնուած է հանրութեան, անիկա կը պատկերացնէ սիրտ մը Պրազիլի դրօշակի գոյներով` կանաչ, դեղին եւ կապոյտ, որուն խորքը կը յայտնաբերուի ստուերը՝ Գորգովատոյի Փրկիչ-Քրիստոսի նշանաւոր արձանին, զինանշանը մտայղացած է 25-ամեայ Գիւսդավօ Հիւկենին։ Սրտին վերի մասը կանաչ է եւ կը խորհրդանշէ լեռները, վարի մասը կապոյտ որ կը խորհրդանշէ ծովը։ Բազուկները տարածած Քրիստոսը դեղին գոյնով է եւ կը ոգեկոչէ Պրազիլի եկեղեցին։ Մէկ խօսքով՝ զինանշանը կը խորհրդանշէ երիտասարդներու առաքելութեան կանչը Քրիստոսի կողմէ Մատթէոսի Աւետարանի վերջին համարին համաձայն. «Գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ, ամէն օր, մինչեւ աշխարհի կատարածը», որ նաեւ բնաբանն է 2013-ի երիտասարութեան համաշխարհային օրուան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ