Հալէպ
50 տարի առաջ, 1962-ին Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ Անկարելի բաներու սրբուհի եւ կորսուած դատերու պաշտպան՝ սրբուհի Ռիթայի անուան Եղբայրութիւնը, որուն անդամները մեծ նուիրումով կը գործեն եկեղեցւոյ համար եւ կը կատարեն յատուկ ջերմեռանդութեան աղօթքի հանդիպումներ։
Հանդիսաւոր կերպով տօնուեցաւ սրբուհի Ռիթայի անուան Եղբայրութեան 50-ամեակը Հալէպի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Ի պատրաստութիւն Սրբուհիի տօնակատարութեան, Եղբայրութիւնը կազմակերպած էր եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւն մը, որուն ընթացքին քարոզեց գերապատիւ հայր Անտոն վրդ. Թահանեան։
Քարոզիչ վարդապետը այս առթիւ յորդորեց Եղբայրութեան անդամուհիները օրինակ առնելու սրբուհիին կեանքն ու նուիրումը եւ գործելու Յիսուսի կամքին համաձայն եւ ըլլալու սրբուհիին նման համեստ, խոնարհ ու ներող, եւ միշտ աղօթելու։
22 մայիսի երեկոյեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց, առընթերակայութեամբ՝ գեր. հայր Եղիշէ Ճենճիի՝ հոգեւոր հայրը Եղբայրութեան, եւ գեր. հայր Էմմանուէլ Գրիգորի՝ ժողովրդապետը առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ։
Պատարագիչ գերապայծառը սուրբ Պատարագը մատոյց սրբուհի Ռիթայի Եղբայրութեան ամբողջ անձնակազմի դիտաւորութեան: Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ յիշեց Եղբայրութեան հիմնադիրը՝ արհի. Պօղոս արք. Գուսանը, որ այժմ կը գտնուի Լիբանան (Յիսուս Թագաւոր՝ հանգստեան տան մէջ), յիշեց նաեւ Եղբայրութեան հանգուցեալ անդամները եւ բարերարները։
Ապա գերապայծառին առաջնորդութեամբ, սրբուհի Ռիթայի մասունքը թափօրով անցաւ հաւատացեալներուն քովէն մինչ երգչախումբը կ'երգէր Տիրամօր նուիրուած շարականներ. Սրբուհիին արձանը իրենց ուսերուն վրայ կը կրէին Եղբայրութեան անդամուհիները։ Ապա գերապայծառ Միրիաթեան յատուկ աղօթք մը կատարելէ ետք Սրբուհիին, անոր մասունքովը օրհնեց բոլոր ներկաները։
Պատարագէն ետք, Եղբայրութեան անդամները կազմակերպած էին ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին խօսեցան Եղբայրութեան գործունէութեան մասին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով թեմին առաջնորդին ու հոգեւոր պատասխանատուներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին ու կը քաջալերեն անդամուհիները, որպէսզի յարատեւեն իրենց եղբայրսիրական գործունէութիւններուն մէջ: Այս առթիւ նաեւ կարդացուեցաւ Եղբայրութեան երկար տարիներու հոգեւոր հայր՝ արհի. Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի շնորհաւորագիրը յոբելեանին առթիւ, որմէ ետք հատեցին կարկանդակը, որուն վրայ պատկերուած էր սրբուհի Ռիթայի նկարը ու վառուած՝ 50 մոմեր։