Ուրբաթ, 20 Յունուար 2012 - Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի քահանաներու եւ կրօնաւորներու համագումար


Պուէնոս Այրէս, Արժանթին

10-13 յունուար 2012, տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի քահանաներու եւ կրօնաւորներու համագումար մը գլխաւորութեամբ՝ Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ գերպծ. Վարդան եպս. Պօղոսեանի։

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան հոգեւոր եւ միջ-եկեղեցական հարցեր, ինչպէս նաեւ մասնակիցները անդրադարձան սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի հռչակած՝ հաւատքի տարուան բնաբանին, որ կ՛ընթանայ հոկտեմբեր 2012-էն մինչեւ նոյեմբեր 2013։ Համագումարին վերջին օրը, մասնակիցները քննարկեցին «Նոր Աւետարանացման» խորագիրը, որ հիմնական նիւթ կը հանդիսանայ յաջորդ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 13-րդ համաժողովին։

Աւարտին, գերպծ. Վարդան եպս. Պօղոսեան կոչ ուղղեց թեմի բոլոր ծուխերուն լաւապէս պատրաստուելու 2013-ի «Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան», որ տեղի պիտի ունենայ Պրազիլիոյ՝ Րիօ Տը Ճեներօ քաղաքին մէջ։

Համագումարին մասնակիցները ստացան ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին ողջոյնները եւ օրհնութիւնը հեռախօսով Լիբանանէն։   
 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ